Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Բանտին Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Հարազատներուն Ըսուած Է, Թէ Կարմիր Խաչը Այլեւս Պիտի Չայցելէ Անոնց

July 31, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի բանտին մէջ պահուող հայ գերիներու ընտանիքներուն Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէէն  փոխանցած են, թէ այլեւս Կարմիր խաչը պիտի չայցելէ գերիներուն:

«Մեզի` ընդհանուր բոլոր գերիներու հարազատներուն, ըսած են, որ Կարմիր խաչը ընդհանրապէս պիտի չայցելէ, այլեւս յարաբերութիւն չունի գերիներուն հետ», ըսաւ գերիներէն մէկուն հարազատը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ գերիներու հարազատներուն մօտ այս լուրը լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է, քանի որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն միակ միջազգային անկախ կառոյցն էր, որ կրնար այցելել բանտարկուած հայերուն, տեղեկանալ անոնց իրական վիճակին, զբաղիլ առողջական խնդիրներու լուծումով, անհրաժեշտ հագուստ ու առողջապահական պարագաներ փոխանցել, ինչպէս նաեւ տեսակապ ապահովել հարազատներուն հետ:

Ինչպէս «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին փոխանցեց գերիներէն մէկուն հարազատը` «թէ՛ իրենց, եւ թէ՛ գերիներու վերջին յոյսն» ալ մարեցաւ. «Միակ միջոցը Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն էր, որ ընտանիքներու հետ կապ կը հաստատէր, քիչ մըն ալ այդ մարդոց մօտ լոյս կը վառուէր, այդ ալ անջատեցիք, այդ ալ կտրեցիք»:

Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան հաղորդակցման ղեկավար Զառա Ամատունի «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց, որ հայ գերիներուն վերջին անգամ այցելած են յունիսին, այս ամիս այցելութիւն չէ եղած: Ամատունիի համաձայն, Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն պահանջով Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Պաքուի ներկայացուցչութիւնը յառաջիկային պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Ռուսիոյ Զինադադար Հաստատելու, Կամ Անոր Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատելու Մեր Պայմանաժամը 10 Օր Է` Սկսելով Այսօրուընէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.