Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, թէ ինք չի կարծեր, թէ Կազայի մէջ սով կայ, եւ հարցը կրնայ թերսնման կապուած ըլլալ, որովհետեւ Համաս օժանդակութիւնները կը գողնայ:
«Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսեցայ օժանդակութիւնները Կազա մտցնելու եւ այլ հարցերու մասին», ըսաւ ան:
«Անհամբեր կը սպասենք Կազան կերակրելուն», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ նաեւ նշեց. «Կազային դրամ տուինք, եւ ոչ ոք մեզի շնորհակալութիւն յայտնեց: Այդտեղ զինադադար կ՛ուզենք»:
Միւս կողմէ, ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ՄԱԿ-ին կոչ ուղղած է` դադրեցնելու Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան համար իր կառավարութիւնը մեղադրելը, երբ իսրայէլացի զինուորները անվտանգ միջանցքներ բացած են:
«Անվտանգ երթուղիներ կան: Անոնք միշտ եղած են, սակայն այսօր ասիկա պաշտօնական է: Այլեւս ոչ մէկ արդարացում պիտի ըլլայ», յատարարած է ան:
Իսրայէլի կառավարութիւնը Կազայի մէջ զանգուածային սովի համար խստօրէն քննադատած են ոչ միայն ՄԱԿ-ը, այլ նաեւ շուրջ 100 միջազգային կազմակերպութիւններ եւ նոյնիսկ երկրի որոշ դաշնակիցներ: