Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթարմըր. «Բրիտանիան Սեպտեմբերին Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինը, Եթէ Իսրայէլ Վերջ Չտայ Կազայի Մէջ Ահաւոր Կացութեան»

July 31, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտարարեց. «Բրիտանիան սեպտեմբերին Պաղեստինի պետութիւնը պիտի ճանչնայ, եթէ իսրայէլեան կառավարութիւնը Կազայի մէջ ահաւոր կացութեան վերջ տալու խորքային քայլեր չառնէ եւ այլ պայմաններ չամբողջացնէ»:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը մերժէ Բրիտանիոյ վարչապետին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Նախարարութիւնը նշեց. «Այդպիսի քայլ մը Համաս շարժումին վարձատրութիւն է եւ կը վնասէ Կազայի մէջ զինադադարի գոյացման համար թափուող ջանքերուն»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին նշեց, որ Քիր Սթարմըր վարձատրած է «ահաբեկչական ու վայրագ Համաս շարժումը եւ պատժած անոր զոհերը»:

«Այսօր Իսրայէլի սահմաններուն վրայ ծայրայեղական պետութեան մը գոյութիւնը վաղը Բրիտանիան պիտի վտանգէ», ըսաւ Նեթանիահու:

Մինչ այդ, Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիշ Մերց յայտնեց, որ Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Բրիտանիան յառաջիկայ շաբաթ իրենց արտաքին գործոց նախարարները պիտի ուղարկեն Իսրայէլ` Կազա յաւելեալ օժանդակութիւններու մուտքը պահանջելու համար:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի դատապարտեց Ֆրանսայի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը` նշելով, որ այդպիսի քայլ մը Համասին պիտի արտօնէ յաղթանակ հռչակել եւ համազօր է «Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք նացիներուն յաղթանակ տրամադրելուն»:

Միացեալ Նահանգներու Արքանսաս նահանգի նախկին հանրապետական կառավարիչ Հաքըպի Ֆրանսայի նախագահին որոշումը որակեց «չափազանց անմիտ», որովհետեւ «Համասի անձնատուութեան առիթները» կ՛ականահարէ»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «15 արեւմտեան պետութիւններ միւս պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն Պաղեստինը ճանչնալու իրենց մտադրութիւնը յայտարարելու»:

Նախորդը

Թուրքիոյ Ճամբով Ազրպէյճանէն Հալէպ Բնական Կազի Արտածումը Պիտի Սկսի 2 Օգոստոսին

Յաջորդը

Թրամփ. «Ռուսիոյ Զինադադար Հաստատելու, Կամ Անոր Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատելու Մեր Պայմանաժամը 10 Օր Է` Սկսելով Այսօրուընէ»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.