Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը, մէջբերելով Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքը, հաղորդեց, որ Սուրիան եւ Իսրայէլը հաւանական ապահովական համաձայնութեան մը շուրջ կը բանակցին:
Պարրաք նշած է, թէ միացեալ, կայուն եւ բարգաւաճ Սուրիա մը բոլոր սուրիացիներէն եւ անոնց բոլորին համար ներկայացուցչութեան մը կարիքը ունի:
Իսրայէլեան «Այ24ՆԻՈՒԶ» պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւր մը, հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն առաջ Իսրայէլի եւ Սուրիոյ իրենց միջեւ ապահովական դասաւորումներու շուրջ համաձայնութիւն յայտարարելով հետաքրքրուած է:
«Մինչեւ այդ թուական երկու կողմերուն միջեւ ապահովական հարցերու շուրջ որոշակի համաձայնութիւններու գոյացման կարելիութիւն գոյութիւն ունի», աւելցուց աղբիւրը:
Պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ կը պահանջէ, որ որեւէ ապահովական դասաւորում Սուրիոյ տիւրզիներու մտավախութիւններուն գործնական լուծում մը ընդգրկէ:
Յիշեցնենք, որ Պարրաք անցեալ շաբաթ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոն Տերմերի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն աւարտին յառաջընթացի արձանագրութեան մասին հաղորդուեցաւ, ապա ամերիկացի պատուիրակը մեկնեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ: