Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Անհրաժեշտ Եւ Ոչ Անհրաժեշտ Հարուածներ

Օգոստոս 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութին յղուած ամերիկեան փաստաթուղթին պիտի հետեւէր Թել Աւիւին ուղղուած մը: Բեմագրութիւնը այնպէս էր, որ նախ Պէյրութէն պիտի ակնկալուէր որոշ գործողութիւններ, յետոյ իբրեւ հակակշիռ քայլ նման փաստաթուղթ մը ուղղուէր Թել Աւիւին: Ենթադրելի էր, որ իբրեւ թէ փոխզիջումնային բանաձեւը պիտի ըլլար երկու կողմերէն ակնկալել համընթաց, համաժամանակակից քայլեր:

Ամերիկեան «Աքսիոս»-ը յատկապէս միջինարեւելեան տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ «պաշտօնական» խօսափողի դեր ստանձնած է: Կը նախանշէ հետագայ իրադարձութիւններու ընթացքը, կու տայ որոշ մանրամասնութիւններ: Գործառոյթը հանրային կարծիքի ձեւաւորումն է, նախապատրաստութեան կարգով: Փորձենք հրապարակուած տեղեկատուութիւնը տարբաղադրել կէտերով.

– Իսրայէլին ուղղուած կոչ` դադրեցնելու Լիբանանի դէմ ոչ անհրաժեշտ հարուածները:

– Տարածաշրջանի երկիրները համաձայն գտնուած են վերակառուցման ծրագիրներու համար ներդրում կատարելու` իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումէն ետք Իսրայէլ համաձայն գտնուած է ամերիկեան առաջարկին եւ աւելցուցած, որ անպայման պէտք է հատուցեն լիբանանեան կառավարութեան, որ կարեւոր քայլ առած է:

Առանց խորանալու Իսրայէլին ուղղուած ամերիկեան առաջարկին մանրամասնութիւններուն մէջ, միայն այսքանը բաւարար է որոշ ընդգծումներ կատարելու ոչ հակակշիռ ընթացքի մը մասին:

Միացեալ Նահանգները պարզապէս կոչ կ՛ուղղեն: Այստեղ ո՛չ յանձնառութեան ո՛չ պարտադրողականութեան, ո՛չ ալ համաձայնութիւնը պարտաւորեցնելու խնդիր կայ: Կոչը յորդոր է, որ չկատարուելու պարագային որեւէ հետեւանք չունի: Աւելի՛ն. այս կոչը կը վերաբերի ոչ անհրաժեշտ հարուածներ կամ յարձակումներ չգործելու: Ուրեմն կան անհրաժեշտ, հետեւաբար արդարացուած յարձակումներ, հրթիռակոծումներ, ոտնձգութիւններ, որոնց գործադրելիութիւնը այս ձեւով ոչ միայն թոյլատրուած է, այլ նաեւ անուղղակիօրէն քաջալերուած:

Երկրորդ կէտով կը հասկցուի այն, որ միջազգային ընտանիքը, յատկապէս տարածաշրջանի երկիրները, համաձայն են ներդրումներ կատարելու միայն այն ատեն, երբ իսրայէլեան ուժերը ամբողջովին հեռացած ըլլան լիբանանեան տարածքներէն: Այս տեսլականը շատ տեսանելի չի թուիր տակաւին: «Տնտեսական», «անվտանգային», «ապառազմական» գօտիներու ձեւաւորման միտող Իսրայէլի քայլերը կը խօսին այն մասին, որ անոնք հեռանալու մտադրութիւն չունին: Դրացի երկիրներու մէջ արձանագրուածները, նոր ներխուժումները, նոր գօտիներու ստեղծումը այլ իրականութեան մասին կը խօսին:

Երրորդ կէտը ներլիբանանեան դաշտը պառակտելու, բանակ-Հըզպալլա բախումնային մթնոլորտի եւ ենթահողի ձեւաւորման կը նպաստէ: Պարզապէս կ՛ըսուի, որ Լիբանանի գործադիր իշխանութիւնները Հըզպալլայի զինաթափման օրակարգով ճիշդ ուղիով կ՛ընթանան: Ուղին արգելակողը Հըզպալլան է: Իսկ պաշտօնական Պէյրութի առած քայլին համարժէք դրական պատասխան պէտք է տայ Իսրայէլը:

Ամերիկեան հռչակաւոր կայքին հրապարակածը համահունչ է պաշտօնական Թել Աւիւի յայտարարութիւններուն: Իսրայէլի վարչապետին գրասենեակը կը յայտնէր, որ եթէ լիբանանեան բանակը Հըզպալլան զինաթափելու քայլեր որդեգրէ, Իսրայէլ փոխադարձ քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Աւելի՛ն. թէ՝ Իսրայէլ պատրաստ է աջակցելու այս ուղղութեամբ Լիբանանի ջանքերուն: Տակաւի՛ն` ըստ Թել Աւիւի, այժմ յարմար ժամանակն է, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը համատեղ ընթանան համագործակցութեան ոգիով, կեդրոնանան Հըզպալլան զինաթափելու օրակարգին վրայ եւ նպատակաուղղուին դէպի երկու երկիրներուն մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման հաստատում:

Իսրայէլ որդեգրած է ներլիբանանեան դաշտի պառակտումը: Կ՛աշխատի հակադրել լիբանանեան կառավարութիւնն ու բանակը Հըզպալլային եւ Հըզպալլայի զինաթափումէն ետք ռազմաքաղաքական գերակայութիւն հաստատել Լիբանանի վրայ:

Անհրաժեշտ է գերզգօնութիւն` այս ծուղակին չներքաշուելու համար:

Ըստ էութեան, իրողապէս իրար հակակշռող եւ բացարձակօրէն զուգընթաց գործողութիւններ պէտք են ՄԱԿ-ի 1701-ը իրականացնելու համար: «Կոչ»-երը կամ «անհրաժեշտ» եւ «ոչ անհրաժեշտ» հարուածներու դասակարգումները կը յուշեն միակողմանիութեան մասին, իսկ միակողմանիութիւնը կը խախտէ փոխհակակշիռ ընթացքը եւ չի կրնար ապահովել կայունութիւն եւ խաղաղութիւն:

«Ա.»

Նախորդը

Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Եթէ Լիբանանեան Բանակը Հըզպալլան Զինաթափելու Քայլեր Որդեգրէ, Իսրայէլ Փոխադարձ Քայլեր Պիտի Որդեգրէ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (26 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը  Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

Հոկտեմբեր 3, 2025
Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 3, 2025
Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?