Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Օգոստոս 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Հուսամ Զաքի երէկ այցելեց Պէյրութ` լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար:

Զաքի երէկ առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ու արաբական շրջանի կացութիւնները:

Զաքի հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակն է ընդգծել այն մեծ հետաքրքրութիւնը, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը կը ցուցաբերէ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան եւ Լիբանանի մէջ կայունութեան պահպանման նկատմամբ, եւ արտայայտելու լիբանանեան պետութեան ու իր իշխանութիւնը ամբողջ իր հողերուն վրայ տարածելու եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու կառավարութեան որոշումներուն արաբական զօրակցութիւնը:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յայտնեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ իր նկատմամբ արաբական երկիրներու եւ Արաբական լիկայի զօրակցութիւնը:

«Լիբանանեան կառավարութիւնը ամենայն իմաստութեամբ եւ համբերատարութեամբ կը ջանայ լուծել զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու հարցը, եւ ժրաջան աշխատանք կը տանի պետութեան կառուցելու եւ տնտեսական վերականգնումի իբրեւ հիմնական սկզբնաքայլ ապահովական ու քաղաքական կայունութիւն հաստատելու», ըսաւ Ռաժժի:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու առաքելութեան երկարաձգման հարցին եւ շեշտուեցաւ ՄԱԿ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը երէկ առաւօտեան նաեւ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Ներկայ փուլին Լիբանանի նկատմամբ արաբական աջակցութիւնը կարեւոր է, մանաւանդ որ միջազգային ընտանիքը եւս կը հասկնայ լիբանանեան դիրքորոշումը եւ անոր կը զօրակցի»:

Զաքի հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի ողջոյնները եւ յայտնեց, որ Արաբական լիկան կը հետեւի Լիբանանի մէջ կացութեան, եւ թէ ներկայ փուլին իբրեւ աջակցութիւն ի՛նչ կրնայ տրամադրել:

Հանդիպումի աւարտին Զաքի Պաապտայի պալատէն յայտնեց. «Միջազգային տէրութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի հեռանայ լիբանանեան բոլոր հողերէն»:

«Իսրայէլ պէտք է գործադրէ որոշումներն ու ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ գտնուող խոստումները», նշեց ան:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը աւելցուց. «Կը զօրակցինք պետութեան իշխանութեան իր բոլոր հողերուն վրայ տարածման եւ զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելու գաղափարին»:

«Վերջերս նշմարեցինք լրատուական ներքին հռետորաբանութեան մէջ նշաձողի որոշ բարձրացում: Ատիկա բազմաթիւ հասարակութիւններու մէջ սովորական կերպով կ՛ընկալուի, սակայն Լիբանանի մէջ, անոր ու շրջանային պայմաններու, եւ մեզի ծանօթ բոլոր պայմաններուն պատճառով, այդպիսի հարց մը զգուշութեամբ կ՛ընկալենք, որովհետեւ ոչ ոք կ՛ուզէ, որ այս երկիրը ներքաշուի կացութեան մը մէջ, որ կրնայ անբաղձալի հետեւանքներ ունենայ:

«Կը մաղթենք, որ բոլորը իմաստուն մօտեցում ցուցաբերեն այս հարցին նկատմամբ եւ երկրին շահը նկատի ունենան, որովհետեւ բոլոր այս աշխատանքներուն նպատակը Լիբանանի մէջ կայունութեան ու քաղաքացիական խաղաղութեան վերականգնումն է, ինչպէս նաեւ երկրի գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու քաղաքականութեան գործադրումն է: Այցելութեան նպատակն ու ծիրը այս է: Եւ անշուշտ այսպիսի գաղափարները պիտի բացատրենք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամին այս հանդիպումէն ետք անոնց հետ մեր ունենալիք հանդիպումներուն ընթացքին», նշեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք եւ մեր ձայնը կը միացնենք լիբանանեան պետութեան ղեկավարներուն պահանջին` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի գործադրէ զինադադարի համաձայնութեան հիմամբ իր խոստումները», ըսաւ ան:

Հուսամ Զաքի Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ան հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Մեր փափաքն է, որ լիբանանեան բեմին վրայ վերջերս տեղի ունեցած փոխադարձ յայտարարութիւնները խօսքի սահմանէն դուրս գալով այլ բանի չվերածուին, որովհետեւ այս երկրին կայունութիւնը Արաբական լիկային համար կարեւոր է, եւ արաբական իրերայաջորդ վեհաժողովները, որոնց վերջինը` Պաղտատի վեհաժողովը, այդ առումով յստակ են: Ուստի ուզեցինք ներկայ փուլին նախկին փուլերուն նման մեր զօրակցութիւնը յայտնել Լիբանանին»:

Անդրադառնալով ամերիկեան միջնորդութեան` Զաքի ըսաւ. «Ամերիկացի պատուիրակը քանի մը օր առաջ հոս Պէյրութ էր, եւ դրական յայտարարութիւններ կատարեց` ըսելով, որ իսրայէլեան կողմը պէտք է յարգէ այն, ինչ որ համաձայնեցուած է: Ուստի ամերիկեան դիրքորոշման մէջ մեծ հասկացողութիւն կը նկատենք, ինչ որ քաջալերական է»:

Նախորդը

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

RelatedPosts

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս  Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց
Գլխաւոր լուրեր

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Օգոստոս 22, 2025
Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի
Լիբանանեան

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Օգոստոս 22, 2025
Այցելելով Այն Թինէ`  Ժեմայել. «Պըրրին Կը Մերժէ Պետութեան  Դիմակայման Տրամաբանութիւնը»
Լիբանանեան

Այցելելով Այն Թինէ` Ժեմայել. «Պըրրին Կը Մերժէ Պետութեան Դիմակայման Տրամաբանութիւնը»

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?