Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լուծարուեցաւ

Սեպտեմբեր 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էլինա Վոլթոնեն եւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Հ. Սինիրլիօղլու ողջունեցին նախարարաց խորհուրդի որոշումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ դիմումէն ետք փակելու Մինսքի հոլովոյթն ու անոր առնչուած կառոյցները: Այս մասին հաղորդեց ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքը:

«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս փոխանցել իմ ջերմագին շնորհաւորութիւններս Հայաստանին ու Ազրպէյճանին խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ իրենց պատմական համաձայնութիւններուն եւ անոնց անյապաղ գործադրութիւնը սկսելու անոնց վճռական որոշումին համար: Առանց յապաղումի ընդառաջեցի անոնց միացեալ դիմումին, եւ կ՛ուզեմ անկեղծ գնահատանքս յայտնել կողմերուն հոլովոյթին իրենց հոյակապ գործակցութեան համար: Կ՛ուզեմ նաեւ գնահատել մասնակից պետութիւնները այս համախոհութեան գոյացման գծով իրենց գործակցութեան ոգիին համար», յայտնեց Վալթոնեն:

Սինիրլիօղլու իր կարգին ըսաւ. «Այս պատմական զարգացումը կ՛ընդգծէ, թէ նոյնիսկ տագնապի ու անվստահութեան տասնամեակներէ ետք դիւանագիտութիւնը ի՛նչ կրնայ իրագործել: Անիկա կ՛ապացուցէ, թէ համաձայնութիւնը կարելի կը մնայ, երբ կողմերուն միջեւ հասարակաց եզրեր գտնելու միացեալ վճռակամութիւն գոյութիւն ունի»:

ԵԱՀԿ-ի կայքը կը նշէ. «ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի գրասենեակն ու ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատեցին իրենց աներեր յանձնառութիւնը աջակցելու ջանքերու, որոնք Հայաստանին, Ազրպէյճանին եւ ամբողջ շրջանին տեւական խաղաղութիւն ու կայունութիւն կը բերեն»:

Ի պատասխան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, թէ 1 սեպտեմբերին ստացուած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարի նամակը, որով ան կը հաւաստէ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հոլովոյթի եւ առնչուող կառոյցներու լուծարման վերաբերեալ որոշման համար սահմանուած լռելեայն ընթացակարգը ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւններու կողմէ չէ խախտուած, եւ որոշումը 1 սեպտեմբերէն կը նկատուի ընդունուած:

Այս մէկը կը յայտնէ նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Պաքու նաեւ կ՛ընդգծէ, թէ այդ որոշումով անվաւեր կը ճանչցուին ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ հայ-ազրպէյճանական տագնապին վերաբերող նախապէս որդեգրուած բոլոր փաստաթուղթերը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն ԵԱՀԿ Մինսքի Գործընթացի Լուծարման Վերաբերեալ

Յաջորդը

Խմբագրական. Ինքնորոշման Իրաւունքի Առանցքային Սկզբունքով (Արցախի Անկախութեան Օրուան Առիթով)

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?