Շաբաթ մը առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին յղած ուղերձը Սէուտական Արաբիոյ, անհրաժեշտ է մանրադիտակի առնել եւ յայտարարութիւնը կարդալ տարածաշրջանի ծիրին մէջ:
Յայտարարութիւնը կը սկսի Լիբանանի ներքին գործերուն չմիջամտելու հաստատումով` պարզելով, որ տեսակէտ տալը չի նշանակեր միջամուխ ըլլալ: Հոս անմիջապէս կը յիշուի Սէուտական Արաբիոյ պահուածքը, որ տեսակէտ ունի, սակայն այդ տեսակէտը կը յայտնէ առանց միջամտելու Լիբանանի ներքին խնդիրներուն:
Հաւասարեցնելով իր երկրին եւ Սէուտական Արաբիոյ պահուածքները, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ոչ միայն օրինաչափ կը նկատէ երկու երկիրներուն մօտեցումները, այլ նաեւ ըսել կ՛ուզէ այս ձեւով որ բոլոր պետութիւններէն առաջ Իրանն ու Սէուտական Արաբիան են Լիբանանի մէջ գլխաւոր դերակատար պետութիւնները:
Յատկանշական եւ ուղերձային բաժին կայ տրուած Սուրիոյ օրինակին մէջ: Կը համեմատուին նախաասատեան եւ յետասատեան ժամանակաշրջանները եւ մատնացոյց կ՛ըլլան Իսրայէլի կողմէ վերջին շրջանին սուրիական տարածքներու վրայ կատարուած ներխուժման գործողութիւնները:
Օրինակը շատ պարզ զուգահեռ ունի Լիբանանի հետ: Ըսել կ՛ուզուի, որ Ասատի վարչակարգի տապալումը առաջադրած Իսրայէլը խորքին մէջ ոչ միայն չէ բաւարարուած անոր տապալումով, այլ նաեւ ի տարբերութիւն անցեալին ներխուժած է եւ գրաւած նոր տարածքներ: Ասատի վարչակարգին դէմ հակադրութիւնը, ուրեմն, պարզապէս հանգրուան էր մեծ ծրագիրի մը, որ ներառած էր Սուրիոյ մէջ անվտանգային գօտի ստեղծելը եւ Սուրիոյ մէջ նոր ուժի գոյառումը արգիլելը: Թոյլ դրացիներ, որոնց տարածքներուն վրայ պիտի գործեն իսրայէլեան գօտիներ: Դամասկոսի նորահաստատ իշխանութիւններուն Իսրայէլի հետ գործակցելու տրամադրութիւնները որեւէ նշանակութիւն չունին եւ չեն ազդեր Թել Աւիւի մշակած ծրագիրներուն գործադրելիութեան վրայ:
Ուղերձը յստակ է: Ըստ Թեհրանի ներկայացուցիչին, Հըզպալլայի դէմ պայքարելով, անոր ամբողջական զինաթափումը պահանջելով ըստ էութեան Իսրայէլ նպատակադրած է կայացնել նոր անվտանգային գօտիներ, պահպանել վերահսկողութիւն եւ արգիլել Լիբանանի մէջ իր գործողութիւնները զսպող որեւէ ուժի կայացում:
Ահա այս հանգամանքներու պարզաբանումով է, որ պաշտօնական Թեհրանի ներկայացուցիչը կ՛առաջարկէ Ռիատին համագործակցիլ: Կը տեղեկացնէ նաեւ, որ նման խօսակցութիւն տեղի ունեցած է իր եւ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակիցին միջեւ:
Գործակցութեան ոլորտին մասին ակնարկ կայ իրանցի դիւանագէտին կատարած յայտարարութեան կամ հարցազրոյցի պատասխանին մէջ: Ըստ իրեն, երկու երկիրներն ալ կ՛ուզեն օժանդակել Լիբանանին ներկայ իրավիճակը յաղթահարելու համար:
Օժանդակութիւններու քաղաքական ուղղուածութիւններն ու շարժառիթները բնականաբար տարբեր են: Ռիատին կը վերագրուի դրամատնային, ներդրումային, ընկերային կամ ընդհանրապէս ֆինանսա-տնտեսական համակարգի վերականգնման նպաստող էական դերակատարութիւն, մինչ Իրան առաւելաբար շահագրգռուած է հարաւային շրջաններու մէջ շինարարական ծրագիրներու իրականացումով:
Սէուտական Արաբիան ֆինանսներ կամ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելով կրնայ նպատակադրած ըլլալ կարեւորագոյն սիւննի համայնքին վրայ բացարձակ ազդեցութիւն պահպանելուն, վարչապետի եւ կառավարութեան ճամբով գործընթացներ հունաւորելուն: Իսկ Իրանի համար հարաւի շինարարութիւնը ռազմավարական եւ հեռանկարային նշանակութիւն ունի Իսրայէլի սահմանամերձ շրջանի ժողովրդագրական պատկերը անփոփոխելի պահելու յստակ առաջադրանքով:
Այս առաջադրանքը խանգարիչ տարր կրնայ նկատուիլ Թել Աւիւի համար, որ կ՛ուզէ վնասազերծել հարաւը, կայունացնել իր հիւսիսը եւ վերադարձնել հիւսիսի ժողովուրդը: Հարաւի շինարարական ծրագիրները հիմնական խոչընդոտ են ուրեմն Իսրայէլի անվտանգութեան կամ տնտեսական գօտիներու ձեւաւորման նպատակին:
Թեհրանի եւ Ռիատի ծրագիրները, օժանդակութեան մասով կը համատեղուին, սակայն շարժառիթներով եւ ուղղուածութիւններով հիմնովին կը տարբերին:
Հակառակ այս տարբերութեան, վերականգնումի եւ օժանդակութեան ոլորտներուն մէջ Թեհրան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ գործակցելու Ռիատին հետ:
Երկու պետութիւններու ներկայացուցիչները սակայն կը գիտակցին, որ լայնածաւալ օժանդակութիւններու կամ շինարարութիւններու մեկնարկի ազդանշանը չէ տրուած տակաւին: Արձանագրուածները սեղմ են, հանգրուանային եւ պայմանական:
Ամերիկեան փաստաթուղթ, ժամկէտներ, զէնքի յանձնումի գործողութիւններու ճշդումի պահանջներ, այժմէն իսկ Սուրիոյ հետ իշխանութիւններուն հետ անվտանգային համակարգերու գործակցութեան ճնշումներ` այս բոլորը որեւէ նկատառելի օժանդակութենէ առաջ յստակացուելիք, համաձայնելու կէտեր են: Չի բացառուիր, որ Իսրայէլի տարածաշրջանին մէջ գերակայութիւն հաստատելու այս վերջին զարգացումներէն անհանգստութիւն կը դրսեւորէ Սէուտական Արաբիան:
Այստեղ բարդ իրավիճակ է: Ռիատը դժգոհ է նաեւ Անգարայի նկրտումներէն: Այդ առումով անտարբեր չէ նաեւ Թել Աւիւը:
Այս հանգամանքէն մեկնած Թեհրան ուղերձ կը յղէ Ռիատին եւ կ՛առաջարկէ գործակցիլ Լիբանանի օժանդակութիւններու դաշտին մէջ, գիտակից միջազգային արգելքներուն, նախապայմաններուն եւ օժանդակութիւններու շարժառիթներու տարբերութիւններուն:
«Ա.»


