Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

Սեպտեմբեր 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր ողջ հայութիւնը, վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով, կը նշէ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման պատմական դէպքը:

Արդարեւ, ո՞վ չի յիշեր շուրջ 35 տարի առաջ, ի խնդիր Արցախի ժողովուրդի անկախութեան, մեր հերոսներու սխրանքը եւ մեր նահատակներու արիւնով կերտուած ազատ ու անկախ ապրելու Արցախի ժողովուրդին հաւատքն ու կամքը: Ո՞վ չի յիշեր տարիներ շարունակ ի խնդիր Արցախի անկախ պետականութեան ամրացման տարուած հաւաքական պայքարը` համայն հայութեան գործօն մասնակցութեամբ: Վերջապէս, ո՞վ չի յիշեր Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիութեամբ կատարուած հսկայ իրագործումները` ի խնդիր նո՛յն եւ մէ՛կ նուիրական նպատակին, Արցախի անկախութեան ամրապնդման:

Այսօր, փաստօրէն, կորսնցուցած ենք Արցախի անկախութիւնը: Արցախը հայաթափումի ենթարկուած է: Անոր ստեղծագործ ոգիին, մշակութային հանճարին եւ կրօնական ապրումներուն արգասիքը հանդիսացող մեր եկեղեցիներն ու վանքերը եւ մշակութային պատմական կոթողները դարձած են ենթակայ թշնամիին բարբարոսական արարքներուն: Այլ խօսքով, Արցախը ենթարկուած է ծրագրուած ու հետեւողական կերպով գործադրուած ցեղասպանութեան: Այսպէ՛ս կարելի է բնորոշել Արցախի բռնագրաւումն ու արցախահայութեան բռնագաղթը` միջազգային օրէնքի տուեալներուն համաձայն:

Այո՛, Արցախը այսօր կորսնցուցած ենք: Սակայն, Արցախը իր հողով ու ժողովուրդով եւ ինքնիշխանութեան իրաւունքով վերականգնելու յոյսը չե՛նք կորսնցուցած ու պիտի չկորսնցնենք, որքան ալ աննպաստ ըլլան մեզ շրջապատող պայմանները: Պատմութիւնը կաղապարուած գոյութիւն մը չէ. ան մնայուն փոփոխութեան ենթակայ է: Եթէ այսօր աշխարհաքաղաքական պայմանները ի նպաստ չեն Արցախի անկախութեան վերականգնումին, վաղը պայմանները հիմնովին կրնան փոխուիլ: Պէտք է ըլլալ արթուն ու հետեւողական: Աստուածաշունչը կ՛ըսէ` յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր (Հռ 5.5): Պէտք է կառչիլ յոյսին եւ զայն շաղախել մեր ժողովուրդի հաւատքով եւ մեր իրաւունքներու ձեռքբերման համար մաքառելու ամուր կամքով:

Արցախի անկախութեան վերականգնումը մեր ժողովուրդի սրբազան դատին անբաժանելի մասը կը կազմէ: Արցախը պատմութեան փոշիներուն տակ պէտք չէ թաղել. Արցախի հայութեան ազատօրէն ապրելու հաւատքն ու կամքը պէտք է վերածել ամէնօրեայ նպատակասլաց պայքարի:

Այսօր, երբ կը նշենք Արցախի անկախութեան հռչակման տօնը` եկէ՛ք յիշենք մեր բոլոր նահատակները, յայտնի թէ անյայտ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին Արցախի անկախութեան հռչակման ու պահպանման ի խնդիր,

եկէ՛ք յիշենք Պաքուի բանտերուն մէջ ամէնօրեայ տառապանքի ենթարկուող մեր բոլոր բանտարկեալները, որոնք նուիրումով ծառայեցին Արցախի մեր ժողովուրդին:

Եկէ՛ք յիշենք իրենց դարաւոր հողերէն բռնագաղթի ենթարկուած Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները` զօրավիգ կանգնելով անոնց արդար իրաւունքներուն վերատիրացման:

Յիշել կը նշանակէ չմոռնալ. չմոռնալ կ՛ենթադրէ պայքարիլ` ի խնդիր այն բոլոր նուիրական արժէքներուն ու իտէալներուն, որոնց կենսագործման համար ապրեցան, պայքարեցան ու նահատակուեցան Արցախի մեր սիրելի զաւակները:

Թող Աստուած Իր երկնային հովանիին տակ ամուր պահէ Արցախի մեր ժողովուրդը:

Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ հայրենի մեր ժողովուրդը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

 

Նախորդը

Փեզեշքիան Եւ Էրտողան Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Ստեղծուած Կացութիւնը

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Ուղերձը Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?