Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր չին պաշտօնակից Շի Ժինփինկը ամբաստանեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին առիթով զինուորական տողանցքին ներկայ գտնուելու համար Փեքին գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ Միացեալ Նահանգներու դէմ դաւադրութիւն ծրագրելու յանցանքով:
«Նախագահ Շիի եւ չինացի մեծ ժողովուրդին տօնակատարութիւններու հոյակապ օր մը կը մաղթեմ», ըսաւ Թրամփ, սակայն հեգնանքով աւելցուց. «Ձեզմէ կը խնդրեմ բարեւներս փոխանցել Վլատիմիր Փութինին եւ Քիմ Եոնկ Ընին, մինչ Միացեալ Նահանգներու դէմ դաւադրութիւն կը ծրագրէք»:
Միւս կողմէ, «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը լրագրող Սքոթ Ճենինկսի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Չինաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դէմ «առանցք» կը ձեւաւորուի՞, ըսած է, որ այդ առանցքին ձեւաւորումը զինք ընդհանրապէս չի մտահոգեր:
Ան համոզում յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ունին աշխարհի ամէնէն ուժեղ բանակը, ուստի Չինաստանը իր ուժերը երբեք Միացեալ Նահանգներու դէմ պիտի չօգտագործէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 15 օգոստոսի Ալասքայի հանդիպումէն ետք ինքզինք Փութինէն խաբուած կը զգա՞յ, Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է. «Ես շատ հիասթափուած եմ նախագահ Փութինէն, կրնամ ըսել: Մենք հիանալի յարաբերութիւններ ունէինք, ես շատ հիասթափուած եմ»:
«Հազարաւոր մարդիկ կը մահանան: Անոնք ամերիկացիներ չեն: Անոնք ռուսեր եւ ուքրանացիներ են…եւ ատիկա պատերազմ մըն է, որ իմաստ չունի», նշած է Թրամփ:
«Մենք բան մը կ՛ընենք` մարդոց ապրիլ օգնելու համար: Ամէն շաբաթ 7 հազար մարդ կը մահանայ` մեծամասնութեամբ զինուորներ: Եւ եթէ ես կարենամ օգնել, որ այդ պատերազմը դադրի, կը կարծեմ` ես պարտաւորութիւն ունիմ ատիկա ընելու», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Թրամփ, որ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալը իր վարչակազմի առաջնահերթութիւնը հռչակած է, հիասթափութիւն յայտնած է զինադադարէն կամ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելէ Փութինի հրաժարելէն:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով անդրադառնալով Թրամփի «դաւադրութեան ծրագրում»-ի վերաբերեալ յայտարարութեան նշած է, որ Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարները «դաւադրութիւններ ծրագրելու» միտք չեն ունեցած: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Ես կ՛ուզեմ ըսել, որ ոչ ոք որեւէ դաւադրութիւն կազմակերպած է, ոչ ոք որեւէ բան ծրագրած է, ոչ մէկ դաւադրութիւն: Աւելի՛ն, այդպիսի բան նոյնիսկ միտքէ չէ անցած, այդ երեք ղեկավարներէն ոչ ոք այդպիսի միտք ունեցած է», յայտարարած է Ուշաքով:
Քրեմլին եւս յայտարարեց. «Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հետ գործակցութիւնը մեր ազգային շահերուն կը ծառայէ եւ ոեւէ մէկու դէմ չէ ուղղուած»: