Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Տեսակցած Է Միքայէլ Արք. Աջապահեանին Հետ
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս 9 սեպտեմբերին այցելած է «Երեւան-կենտրոն» քրէակատարողական հիմնարկ եւ տեսակցած աւելի քան երկու ամիսէ անազատութեան մէջ գտնուող Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին հետ: Լուրը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց Մայր Աթոռի խօսնակ Եսայի քահանայ Արթենեան` նշելով, որ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ընկերակցած են Նաթան արք. Յովհաննիսեանը, Արշակ արք. Խաչատրեանն ու Մուշեղ եպս. Բաբայեանը: Եսայի քահանայ Արթենեան յիշեցուց, որ վեհափառ...



















