Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Պատրաստ Ենք Հանդարտ Ու Համաձայնական Մթնոլորտի Մէջ Քննարկելու Դիմադրութեան Զէնքի Ճակատագիրը

Սեպտեմբեր 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անհետացման 47-ամեակին առիթով արտասանեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ յիշեցուց 27 նոյեմբեր 2024-էն ի վեր իր դիրքորոշումները` աւելցնելով, որ «օրին ըսինք, թէ վէրքերը վերաբանալու պահը չէ, ո՛չ ալ արիւնին վրայ պարելու: Անկեղծութեամբ եւ դրական տրամադրութեամբ մեր ձեռքը երկարեցինք Լիբանանը փրկելու նպատակով բոլորին հետ գործակցելու համար, եւ նախագահական ընտրութիւնը կատարեցինք, ողջունեցինք, զօրակցեցանք եւ աջակցեցանք երդման ճառին մէջ ամբողջ նշուածին, հակառակ մեր գիտակցելուն, թէ լիբանանեան գոյացութեան հիմնադիր համայնքի մը դէմ քաղաքական բռնածաղրի, հայհոյութեան եւ սատանայ նկատելու ու վարկաբեկման քաղաքականութեան արշաւները կանոնաւոր կերպով ղեկավարողը միեւնոյնն է յարձակումէն առաջ, ընթացքին եւ մինչեւ այս պահը: Անիկա գաղտնաբար եւ բացայայտ կերպով կը գործէր նախագահական աթոռի դատարկութեան երկարաձգման եւ հաւասարակշռութիւնները յեղաշրջելու համար, այն յոյսով, որ առիթ կ՛ըլլայ հին-նոր ծրագիրի վերակենդանացման, թէկուզ իսրայէլեան հրասայլի վրայ նստած: Ասիկա օրինակ մըն է, որ չի նմանիր Լիբանանին ու լիբանանցիներուն, որոնք ձեռնարկեցին Քայի, Տէյր Ահմարի, հիւսիսային Լիբանանի, Լեռնալիբանանի եւ Պէյրութի մէջ հարաւային Լիբանանի զաւակները իբրեւ սիրելի հիւրեր ընդունելու: Ատիկա երբեք պիտի չմոռնանք»:

«Զգուշացէ՛ք, որ տգիտութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը միանալով ոմանց մօտ վարուելակերպի չվերածուին, որովհետեւ ատիկա դէպի աւեր տանող ճամբայ է: Ատելութեան ու ատողներուն անձնատուր ըլլալը եւ անոնց հետեւիլը տեսողութենէն կը ծածկեն, թէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն իսկական թշնամին ո՛վ է:

«Զգուշացէ՛ք ատելութեան հռետորաբանութենէն, որ միտքերը կ՛ողողէ, եւ անոր դիմաց պատկերասփիւռի պաստառները, բեմերն ու կայքերը կը բացուին, որովհետեւ սատանայական միտքերը Լիբանանի համար աւելի վտանգաւոր են, քան Դիմադրութեան զէնքը, որ հողն ու մարդը ազատագրեց եւ արժանապատուութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանեց», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը յայտնեց. «Հակառակ այդ ապերախտութեան, կը վերահաստատենք, որ պատրաստ ենք քննարկելու ճակատագիրը այդ զէնքին, որ Լիբանանի հպարտութիւնն ու պատիւն է: Պատրաստ ենք անոր ճակատագիրը քննարկելու հանդարտ ու համաձայնական երկխօսութեան մը ծիրին մէջ եւ սահմանադրութեան, երդման ճառին, կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին ու միջազգային օրէնքներու եւ հռչակագիրերու նշաձողին տակ` մշակելու համար ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը, կ՛ազատագրէ անոր հողը, կը պահպանէ միջազգայնօրէն ճանչցուած անոր սահմանները, սակայն երբեք սպառնալիքի, Ազգային ուխտը հարուածելու, սահմանադրութեան ոտնակոխման տակ, ո՛չ ալ` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի, երդման ճառի բովանդակութեան շրջանցումով, եւ տապալումովը զինադադարի համաձայնութեան, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան շրջագիծն է: Անիկա համաձայնութիւն մըն է, որ Լիբանանը ամբողջովին գործադրեց` վերջերս ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ անոր հրամանատարին վկայութեամբ:

«Լիբանան մէկէ աւելի անգամներ ընդգծեց, որ իր բանակին ճամբով յառաջ կ՛ընթանայ ամբողջացնելու այս համաձայնութիւնը, որուն որեւէ կէտը չյարգեց սիոնական գոյացութիւնը քաղաքական եւ զինուորական մակարդակներու վրայ` տակաւին բռնագրաւումը պահելով եւ հինգ բլուրներ անունով ծանօթ հողերէն չհեռանալով:

«Աւելի՛ն, դժբախտաբար, լիբանանեան կառավարութիւնը այսպէս կոչուած ամերիկեան փաստաթուղթի նպատակներուն համաձայնելէն ետք, (Իսրայէլ, «Ա.») ընդլայնեց լիբանանեան հողերու բռնագրաւումը եւ շարունակեց իր յարձակումը` ահաբեկելով ու սպաննելով լիբանանցիներ, աւելի քան 30 գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներու այնտեղ վերադառնալ արգիլելով»:

Պըրրի «առ ի գիտութիւն» նշեց, թէ հարաւի գիւղերը միայն շիիական չեն, այլ գոյութիւն ունին 10 զուտ սիւննիական գիւղեր, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ գիւղեր:

«Ո՜վ լիբանանցիներ, մեկնելով այս բոլորէն եւ հիմնուելով 5 եւ 7 օգոստոս թուականներու նախարարաց խորհուրդի նիստերուն մէջ եռկեակի նախարարներու դիրքորշումէն, կ՛ընդգծենք, որ այդ երկու նիստերուն ընթացքին (երկեակի) նախարարներուն դիրքորոշումը համայնքային կամ յարանուանական դիրքորոշում չէր, այլ` Լիբանանի նկատմամբ նախանձախնդրութենէ բխող բացառապէս ազգային դիրքորոշում», նշեց Պըրրի:

Ան շեշտեց, որ այն, ինչ որ ամերիկեան փաստաթուղթին մէջ նշուած է զէնքի մենաշնորհի սկզբունքէն անդին երթալով, զինադադարի հաստատման նոյեմբերի համաձայնութեան իբրեւ այլընտրանք կը ներկայանայ:

«Ազգային գետնի վրայ եւ որեւէ ձեւով անընդունելի է կրակէ գնդակը նետել գիրկը լիբանանեան բանակին, որ միշտ նկատած ենք ու պիտի շարունակենք նկատել հայրենիքի վահանն ու անառիկ բերդը, մանաւանդ ներկայ փուլին, ուր լիբանանցիներու յոյսերը միաւորող այդ հաստատութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ ազգային սրբազան դեր կը կատարէ` գործադրելով թիւ 1701 որոշումը, եւ Լիբանանի ամբողջ տարածքին վրայ պաշտպանելով ու պահպանելով քաղաքացիական խաղաղութիւնը», յայտնեց խորհրդարանի նախագահը:

Պըրրի աւելցուց. «Թող իսրայէլեան գոյացութեան վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի պարծենալով յայտարարած վերջին դիրքորոշումը, թէ Իսրայէլի երազը, Մեծն Իսրայէլի երազը իրագործելու պատմական ու հոգեւոր առաքելութիւն կը կատարէ, սթափեցնող ըլլայ: Տեսա՞ք անոր ձեռքը գտնուող կապոյտ քարտէսը: Նշմարեցի՞ք, թէ Լիբանանը ամբողջութեամբ այդ խոստացուած իսրայէլեան երազին մէջ է: Իսրայէլացի թշնամիի բանակի սպայակոյտի պետի հարաւ այցելելն ու սահմանամերձ գիւղերուն ու բռնագրաւուած կէտերուն մէջ շրջագայութիւնը գերիշխանական եղող իւրաքանչիւրին համար վիրաւորական չէ՞: Այս երկու տեսարանները բոլորին համար առիթ թող ըլլան»:

«Այս ծիրին մէջ կ՛ընդգծենք, թէ միայն միասնականութեան ու գործակցութեան ջատագով ենք: Ինչպէս մեր հայրենիքի կեանքին մէջ կարեւոր ու հիմնական գործողութիւններու, կառավարութեան կազմութեան, անոր վստահութեան շնորհման,  օրէնքի եւ հաստատութիւններու պետութեան կառուցման հիմքը դնող տասնեակներով օրէնքներու որդեգրման գործադրութեան մէջ գործակցեցանք, (…) այդ նոյն ոգիով միայն, սահմանադրութեան վրայ հիմնուած վարմունքով եւ ազգային պատասխանատուութեան տէր կանգնելով, առանց սկզբունքներէն հրաժարելու Լիբանանը կը պաշտպանուի, եւ անկէ հեռու կը պահենք սադրանքները, զայն կը վերակառուցենք եւ զայն կը պահպանենք` իբրեւ իր բոլոր զաւակներուն վերջնական հայրենիքը», նշեց Պըրրի:

Նախորդը

Իսլամական Գերագոյն Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց «Կառավարութեան Եւ Անոր Քաջարի Վարչապետին Շուրջ Համախմբուելու»

Յաջորդը

Կարապետեան vs. Միրշայմըր Կամ Ինչո՞ւ Հայաստանին Անհրաժեշտ Է Իրապաշտութիւնը

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?