Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Իշխանափոխութենէն Ետք Արցախի Ժողովուրդի Հիմնարար Իրաւունքը Պիտի Ըլլայ Օրակարգային»

Սեպտեմբեր 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երէկուան հանրահաւաքը նպատակ ունէր միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, որ հայ ժողովուրդի հսկայական հատուած միջազգային իր իրաւունքը կը պահէ եւ հաստատակամ է անոր մէջ, զայն իրականացնելու մէջ», Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով 2 սեպտեմբերի  հանրահաւաքին ըսաւ ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:

«Անկախ անկէ, որ օրուան իշխանութիւնը կ՛իրականացնէ հակահայ քաղաքականութիւն, թշնամիի օրակարգի շրջանակներուն մէջ կեղծ խաղաղութեան ներքեւ զիջումներու կ՛երթայ, անկարելի է որեւէ ձեւով Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքը անտեսուի եւ ստորադասուի: Իշխանափոխութենէն ետք անիկա պիտի ըլլայ օրակարգային, գլխաւոր հարց», աւելցուց ան:

«Իր մանկութեան երազանքը պիտի փշրուի բիւրեղի ապակիի նման, եւ ես վստահ եմ` ինք եւ իր վայ քաղաքական խումբը պիտի յայտնուին ոչ միայն քաղաքական աղբանոցին մէջ, այլ նաեւ համապատասխան քրէակատարողական հիմնարկներուն մէջ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, թէ 2026 թուականին գործող ընդդիմադիրներուն ժողովուրդը պիտի ուղարկէ քաղաքական աղբանոց:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ չի՞ կարծեր, որ իշխանութեան մատնանշած խաղաղութեան ետեւէն հանրութիւնը պիտի երթայ եւ դարձեալ Քաղաքացիական պայմանագիրը պիտի ընտրէ, Մինասեան ըսաւ. «Բայց խաղաղութիւն չկայ այդտեղ, այդտեղ կայ կեղծ թեզ: Տեսէք` Արցախի մէջ ի՞նչ խաղաղութիւն է, խաղաղութիւն է, չէ՞, ո՛չ կրակոց կայ, ո՛չ մարդասպանութիւն կայ, խաղաղութիւն է, բայց հայութիւն չկայ»:

Պատգամաւորին համաձայն, մեծագոյն խաղաղութիւն ուզողը այսօրուան ազգային ընդդիմադիր հատուածն է:

Մինասեան պնդեց, որ այսօր ժողովուրդի ճնշող մեծամասնութիւնը իր ամբողջ էութեամբ կը մերժէ իշխանութիւնները:

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դատապարտեց Մինսքի Խմբակի Լուծարումը

Յաջորդը

Ակնարկ. Օժանդակութիւններ. Համընկնումներ Եւ Տարբեր Ուղղութիւնները

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?