Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց, որ «հիմա դժոխքի դռները կը բացուին», որմէ ետք իսրայէլեան օդուժը սկսաւ Կազայի մէջ բարձրայարկ շէնքերու վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործել:
Քաց աւելցուց. «Երբ դուռը բացուի, պիտի չփակուի, եւ մեր գործողութիւնները աստիճանաբար պիտի աւելնան, մինչեւ որ Համաս ընդունի պատերազմին վերջ տալու մեր պայմանները:
Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ օրերու ընթացքին յարձակում պիտի գործէ զինուորական ենթակառոյցներու վերածուած շէնքերու վրայ` առ ի պատրաստութիւն Կազա քաղաքին մէջ գործողութեան ընդլայնման:
Բանակը նշեց, որ Կազա քաղաքի բազմայարկ շէնքերուն մէջ Համասի «աշխուժ ահաբեկչական գործունէութիւն» նշմարած է:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Կազա քաղաքին մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւնը պիտի սկսի օդային յարձակումներով, որոնց պիտի հետեւի ցամաքային գործողութիւնը` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը յառաջիկայ օրերուն Կազա քաղաքի բնակիչներուն Կազայի հարաւ տեղափոխուելու կոչ ուղղող հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ: