Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուալլա» Կայքին. Սահեր Ռուպիոյին Յայտնած Է, Թէ Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Մօտ Օրէն Այսրյորդանանի Կցումը Յայտարարելու

September 2, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի եւ անոր վրայ «գերիշխանութիւն հաստատելու» հարցը քննարկուած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ ժողովի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը:

Սահեր անցեալ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած նշեալ ժողովի ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ Իսրայէլ «յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին» Այսրյորդանանի Իսրայէլի կցումը պիտի յայտարարէ:

«Իսրայէլեան կառավարութեան մէջ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի Յուդայի եւ Սամարիոյ (Այսրյորդանանի, «Ա.») վրայ գերիշխանութիւն հաստատելու փափաքին ու կարիքին շուրջ, սակայն տարակարծութիւն կայ այն հարցին շուրջ, թէ գերիշխանութեան յայտարարումը պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու տարբեր երկիրներու մտադրութեան իբրեւ պատասխա՞ն պէտք է ըլլայ, թէ՞ իբրեւ գաղափարաբանական քայլ, եւ ոչ թէ` հակազդեցութիւն», կը գրէ իսրայէլեան օրաթերթը:

Երկու աղբիւրներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են. «Ամերիկացի պաշտօնատարներ իրենց իսրայէլացի պաշտօնակիցներուն յայտնեցին, թէ Այսրյորդանանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը տարածելու որոշումը Իսրայէլի ձեռքն է»:

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը օգտագործեց «Յուդա եւ Սամարիա» անունը, որ Նեթանիահուի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ Այսրյորդանանին ակնարկելու ընթացքին»:

 

Նախորդը

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կը Հրապարակէ Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.