Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յիշեցուց «1948 թուականի ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատժման ՄԱԿ-ի համաձայնագիրին հիմամբ միջազգային ընտանիքին իրաւական ու բարոյական պարտաւորութիւնը ընդդէմ Կազայի մէջ շարունակուող ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ անջատաբար իւրաքանչիւր պետութեան պատասխանատուութիւնը` զօրակցելու պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման համար արդար ու օրինական պայքարին»:
«Իրան աջակցեցաւ որեւէ նախաձեռնութեան, որ կը յանգեցնէ Կազայի մէջ ցեղային մաքրագործման, պատերազմական ոճիրներու ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու դադրեցման եւ ենթահող կ՛ապահովէ պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ:
«Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ առաջարկին պարունակած վտանգները եւ Իսրայէլի դաւաճանութեան ու խոստումները կատարելը խոչընդոտելու վերաբերեալ բազմիցս կատարուած նախազգուշացումները, յատկապէս անոր ծաւալապաշտական ու ցեղապաշտական քաղաքականութեան լոյսին տակ, Իրան կը նկատէ, որ այս հարցին մէջ որոշումներ տալը պաղեստինցի ժողովուրդի եւ անոր դիմադրութեան կը պատկանի», կը յայտնէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Իրանեան իշխանութիւնները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին պաղեստինցիներու որդեգրած որեւէ որոշումի, որ Կազայի մէջ ցեղասպանութեան դադրեցման ու իսրայէլեան բանակի հեռացման, պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման, մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութեան եւ Կազայի վերաշինութեան կը յանգեցնէ», նշեց Թեհրան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց. «Կազայի մէջ ոճիրներու եւ ցեղասպանութեան դադրեցումը առնչակից պետութիւնները չ՛ազատեր Իսրայէլը իրաւական եւ արդարադատական մակարդակի վրայ հաշուետուութեան ենթարկելու, պատերազմական ոճիրներու, ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու ղեկավարներն ու գործադրողները բացայայտելու պատասխանատուութենէն` վերջ տալու համար այս գոյացութեան տասնամեակներէ ի վեր պատիժէ խուսափելուն»: