Պաքուի դատարանին մէջ «Հայաստանի կողմէ վարձկաններ ներգրաւելու փաստաթուղթեր» հրապարակուած են
Պաքուի դատարանը հայերու դէմ գործի քննութեան շրջանակին մէջ «փաստաթուղթեր» հրապարակած է իբրեւ թէ Հայաստանի կողմէ վարձկաններ ներգրաւելու վերաբերեալ:
24 հոկտեմբեր 2020 թուագրեալ թուղթերէն մէկը, ըստ ազրպէյճանական աղբիւրներու, այն մասին է, որ հայկական կողմը փորձած է արտասահմանցիներ ներգրաւել, կառավարութիւնն ու սփիւռքի կազմակերպութիւնները հայկական համայնքներու անդամներուն յորդորած են անյապաղ միանալու ռազմական գործողութիւններուն:
Ազրպէյճանական կողմը զանոնք իբրեւ «զինեալ ահաբեկիչներ» կը ներկայացնէ:
Պաքուի հայ գերիներուն նկատմամբ դատավարութիւնները փաստացի բաց չեն. անոնց միջազգային իրաւապաշտպաններ, փաստաբաններ եւ լրագրողներ ներկայ չեն, տեսագրութիւնները կը պատրաստէ միայն պետական «Ազերթաճ»-ը, որուն հաղորդած տեղեկութիւնները ճշդելու կարելիութիւն չկայ: