Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ Եւ Աշրաֆիէ Թաղամասերուն Մերձակայքին Մէջ Սուրիական Անվտանգութեան Ուժերու Եւ Քիւրտերու Միջեւ Բուռն Բախումներ

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի գիշեր Հալէպ քաղաքի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ թաղամասերու մերձակայքին մէջ Սուրիոյ ապահովական ուժերուն եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ ուժերը երկուշաբթի գիշեր Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մերձակայքին մէջ գտնուող անցարգելները թիրախաւորած են, այդ պատճառով ալ ներքին ապահովութեան ուժերէն արձանագրուած է զոհ մը եւ 4 վիրաւորներ:

Հալէպէն զինուորական աղբիւր մը յայտնած է, թէ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հրասանդով ռմբակոծած են եւ ծանր գնդացիրներով գնդակոծած են Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ թաղամասերու մերձակայքի բնակուած թաղամասերը: Քաղաքայիններու շարքերուն մէջ վիրաւորներ արձանագրուած են:

Զինուորական աղբիւր մը նշեց, որ սուրիական բանակը նախքան այդ յայտնաբերած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն պատկանող փապուղի մը, որ իր դիրքերը կը կապէ Աշրաֆիէի մէջ բանակի դիրքերու ետին գտնուող վայրի մը: Փապուղին պայթեցուած է, որմէ ետք  բախումները ընթացք առած են:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց. «Հալէպի մէջ բանակի շարժումները Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ապահովութեան եւ բնակչութեան վրայ իրերայաջորդ յարձակումներէն ետք վերատեղակայման ծրագիրի ծիրին մէջ են»:

«Յանձնառու ենք 10 մարտի համաձայնութեան, եւ զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծման նպատակներ չունինք: Բանակը բնակչութեան կեանքերն ու անոնց կալուածները Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու իրերայաջորդ յարձակումներէն պաշտպանելու իր պատասխանատուութեան առջեւ կանգնած է», աւելցուց նախարարութիւնը:

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ֆարհատ Շամի հերքեց, թէ իրենց ուժերը թիրախաւորած են խուզարկման անցարգելները` նշելով, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Աշրաֆիէ եւ Շէյխ Մաքսուտ թաղամասերուն մէջ ուժեր չունի:

ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ աւելի ուշ նշեալ երկու թաղամասերուն մէջ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացած է:

Հալէպի նահանգապետարանը երէկ յայտարարեց, որ մեկնելով երկրի ապահովական վիճակէն, երեքշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Հալէպի բոլոր վարժարանները, համալսարաններն ու պետական հաստատութիւնները փակ կը մնան, իսկ քննութիւնները կը յետաձգուին:

Բացառապէս իրենց ծառայութիւնը կը շարունակեն հիւանդանոցներն ու շտապ օգնութեան կեդրոնները:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով սուրիական կառավարական աղբիւր մը, հաղորդեց, որ Սուրիոյ փոխանցման նախագահ Ահմետ Շարհ Հալէպի մէջ բախումներէն ետք երէկ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիի հետ հանդիպում ունեցած է` Հալէպի հետ ներկայութեամբ ամերիկացի պատուիրակներու:

Աղբիւրը նշեց, որ Շարհի եւ Ապտիի միջեւ յուլիսէն ի վեր առաջին ժողովին մասնակցած են Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանին, իսկ ժողովին ծանօթ այլ աղբիւր մը յայտնած է, որ ժողովին մասնակցած են նաեւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Պրատ Քուփըրն ու Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքը:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրա յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավարին հետ Սուրիոյ հիւսիսի եւ արեւելքի մէջ զինադադար հաստատելու համաձայնութիւն գոյացած է:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Մենք Ոչ Միայն Հարաւային Կովկասի Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւններուն Կը Հետեւինք, Այլ Նաեւ Կ՛աջակցինք Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Քայլերուն»

Յաջորդը

Ապտելաթի. «Շարմ Շէյխի Բանակցութիւններուն Կը Քննարկուի Կազայէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Երաշխաւորող Ապահովական Մեքանիզմ Մը»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?