Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Համաս Չափազանց Կարեւոր Հարցերու Համաձայնեցաւ, Եւ Իրան Մեզի Ուժեղ Ցուցանիշ Տուաւ, Թէ Կազայի Մէջ Համաձայնութիւն Կ՛ուզէ»

Հոկտեմբեր 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Եգիպտոս Կազայի պատերազմին վերջ տալու համար Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ անուղղակի բանակցութիւններ կը հիւրընկալէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Համաս «չափազանց կարեւոր հարցերու համաձայն գտնուեցաւ»:

Պատասխանելով Եգիպտոսի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասին հարցումի մը` Թրամփ ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ հարցերը լաւ կ՛ընթանան, եւ կը կարծեմ, որ Համաս չափազանց կարեւոր հարցերու համաձայն գտնուեցաւ»:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ նշեց, թէ Իրան «մեզի ուժեղ նշաններ տուաւ, թէ Կազայի մէջ համաձայնութիւն կ՛ուզէ»:

Ան ըսաւ, որ Համաս կը յարգէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Սէուտական Արաբիան, եւ «Էրտողան հարցերը ուժեղ կերպով կը մղէ դէպի համաձայնութեան գոյացում, եւ Իրանէն ուժեղ նշաններ ունինք, թէ համաձայնութիւն կ՛ուզէ»:

«Քաթար մեզի մեծապէս օգնեց Կազայի գործարքին հասնելու համար: Թուրքիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան եւ բոլորը Կազայի գործարքին օգնեցին», ըսաւ Թրամփ:

«Միացեալ Նահանգները, շնորհիւ մաքսատուրքերուն, իբրեւ խաղաղապահ պետութիւն կը գործեն, եւ չենք ուզեր ձեզի փոխանցել, թէ Հնդկաստանին ու Փաքիստանին ինչ ըսի, որպէսզի պատերազմը դադրեցնեն, սակայն խօսքս մօտալուտ պատերազմը դադրեցնելու համար ազդու էր», աւելցուց ան:

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ  իր կարգին նշեց. «Բոլոր կողմերը համաձայն են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալուն»:

Մեկնաբանելով Եգիպտոսի մէջ ընթացող Կազայի համաձայնութեան գործադրութեան մեքանիզմի շուրջ բանակցութիւնները` Լեւիթ յայտնեց, որ անոնք թեքնիք բնոյթի են, եւ անոնց կը մասնակցին «Միջին Արեւելքի հարցով Թրամփի պատուիրակ Ուիթքոֆը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի փեսան` Ճարետ Քուշները»:

Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Կազայի ծրագիրի հարցով մեծ արագութեամբ ընթանալ, եւ ամերիկեան վարչակազմը մեծ ջանք կը թափէ Կազայի ծրագիրին վերաբերեալ հարցերը կարելի եղածին չափ արագ յառաջ մղելու համար:

Սպիտակ տան բանբերը նշեց, որ իրենք կը յուսան, որ «Կազայի համաձայնութիւն»-ը ըլլայ աշխարհի վրայ խաղաղութեան մեծագոյն համաձայնութիւններէն մէկը` աւելցնելով, որ իրենք ատոր իրագործման վրայ կ՛աշխատին:

 

 

Նախորդը

Ապտելաթի. «Շարմ Շէյխի Բանակցութիւններուն Կը Քննարկուի Կազայէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Երաշխաւորող Ապահովական Մեքանիզմ Մը»

Յաջորդը

Նախկին Նախարար Զօր. Փանոս Մանճեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?