Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Կազայի պատերազմին վերջ տալու շուրջ բանակցութիւնները յաջող են եւ արագօրէն յառաջ կ՛ընթանան»:

«Շաբաթավերջի ընթացքին Համասի եւ աշխարհի վրայ պետութիւններու հետ գերիներու ազատ արձակման եւ Կազայի պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ չափազանց դրական քննարկումներ կատարուեցան», նշեց Թրամփ:

«Համասի հետ բանակցութիւնները չափազանց յաջող էին եւ արագօրէն յառաջ կ՛ընթանան», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Թեքնիք յանձնախումբերը այսօր Եգիպտոսի մէջ ժողով պիտի գումարեն` քննարկելու եւ յստակացնելու համար Կազայի վերաբերեալ համաձայնութեան վերջնական մանրամասնութիւնները», յայտնեց Թրամփ:

«Պիտի շարունակեմ Կազայի հարցին հետեւիլ, եւ ժամանակը բանալին է, այլապէս շատ արիւն պիտի հոսի, ինչ որ բան մըն է, որ ոչ ոք կ՛ուզէ տեսնել», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Միւս կողմէ, Թրամփ ըսաւ. «Իրանի վրայ յարձակումը 22 տարիէ ի վեր կը սպասէինք, եւ ոեւէ ամերիկացի նախագահ չհամարձակեցաւ ատիկա կատարել»:

«Իրանի վրայ յարձակումը պիտի կրկնենք, եթէ իրանցիները հիւլէական զէնք ձեռք բերելու իրենց ձգտումը շարունակեն», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, մեկնաբանելով Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցման եւ գերիներու ազատ արձակման շուրջ բանակցութիւնները նշեց. «Դէպի խաղաղութիւն յառաջընթաց արձանագրելու առիթ ունինք»:

«Համասը պէտք է անյապաղ գործադրէ իր յանձնառութիւնները», ըսաւ Մաքրոն:

Նշենք, որ Համաս շարժումի աւագ բանագնաց Խալիլ Հայէ կիրակի գիշեր պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ հասաւ Եգիպտոս` իսրայէլեան պատուիրակութեան հետ Կազայի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին շուրջ անուղղակի բանակցութիւններ վարելու համար:

Պաղեստինեան շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ  պատուիրակութիւնը Գահիրէ հասած է, «զինադադարի, բռնագրաւումի ուժերու հեռացման եւ գերիներու փոխանակման մեքանիզմներուն շուրջ բանակցութեան սկսելու համար»:

Նախորդը

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Արաղչի. «Գահիրէի Համաձայնութիւն»-ը Պատժամիջոցներու Հաստատումէն Ետք Դադրած Է Գործելէ»
Միջազգային

Արաղչի. «Գահիրէի Համաձայնութիւն»-ը Պատժամիջոցներու Հաստատումէն Ետք Դադրած Է Գործելէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?