Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Կարելի Չէ Լուծել Երեսփոխաններուն Կողմէ Խորհրդարան Ուղղուելով Եւ Քուէարկելով» Յայտնեց Յ. Բագրատունի

Մարտ 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-19-15_hagop_pakradouni19ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Անպա» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը յանձնառու կը մնայ կուսակցութեան ազգային սկզբունքներուն, որոնք որդեգրուած են Լիբանանի անկախութենէն ի վեր: «Այդ սկզբունքներն են զօրակցիլ Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովուրդին համերաշխութեան», յայտնեց Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ ներքին լիբանանեան ծրագիրներուն զօրակցութեան առումով ՀՅԴ ոչ մէկ անձնական շահ կը հետապնդէ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ գործակցելու լիբանանեան քաղաքական իր գործընկերներուն հետ` մեղմացնելու համար արտաքին տագնապներուն ունեցած հետեւանքները:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ներկայիս Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն կացութիւն մը, ինչպէս նաեւ մութ պայմաններ, որոնց ընթացքին փուլ գալու ենթակայ են պետական բոլոր հաստատութիւնները, սկսեալ` հանրապետութեան նախագահութենէն: «Տակաւին մենք կը դիմագրաւենք երկրին սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գտնուող ծայրայեղականութեան հարցը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցեր: Այսօր մենք խիստ կարիքը ունինք լիբանանցի պատասխանատուներուն միջեւ համագործակցութեան, որպէսզի Լիբանանին սպառնացող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւենք», հաստատեց ան:

Պատասխանելով ներքին լիբանանեան երկխօսութեան առումով ՀՅԴ-ի ունեցած ներդրումին մասին հարցումի մը Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քաղաքացիական պատերազմի առաջին օրէն սկսեալ որդեգրած է դրական չէզոքութեան սկզբունքը եւ սուղ վճարած իր այդ կեցուածքին գինը, որովհետեւ պատերազմող կողմերը ՀՅԴ-ի քաղաքական այս կեցուածքը չեն ըմբռնած մինչեւ պետութիւնը քայքայում, երկրին քանդումը, արտաքին միջամտութիւնները, լիբանանեան տնտեսութեան փլուզումը եւ հարիւր հազարաւորներու նահատակութիւնը:

«Այսօր թէեւ ներքին լիբանանեան պատերազմներ չկան, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր քաղաքական գործունէութիւնը կը շարունակէ իր իւրայատուկ կեցուածքներով, նոյնիսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին մէջ մենք կը զատորոշուինք մեր կեցուածքներով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ն գոհ է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ իր ունեցած դաշինքով, որ 2005-էն ի վեր կը շարունակուի: Ան աւելցուց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը շահագրգռուած է նախագահական ընտրութեամբ եւ իրեն համար առաջնահերթութիւն է անիկա, որովհետեւ այդ պաշտօնը միայն լիբանանցիներուն չի պատկանիր, այլեւ ազգային խորհրդանիշ մըն է, որ կը վերաբերի Արեւելքին:

Նախագահական աթոռի երկար ատենէ ի վեր թափուր մնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ եթէ շրջանին մէջ արմատական փոփոխութիւններ չկատարուին, ապա ամենէն ուշը մինչեւ չորս ամիս նախագահական ընտրութիւն պէտք է ըլլայ:

«Նախագահական ընտրութիւն կատարելը երեսփոխաններուն խորհրդարան ուղղուելէն շատ աւելի բարձր է, հետեւաբար երեսփոխաններուն կողմէ խորհրդարան երթալն ու քուէարկելը կարելի չէ լուծում նկատել: Եթէ կայ մարոնի հզօր անձնաւորութիւն մը, որուն շուրջ կարելի է համախոհութիւն գոյացնել, ապա Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը դառնայ այդ թեկնածուն ողջունող Ա. ղեկավարը», յայտնեց ան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչումին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայութիւնը այդ առաքելութեան առումով բաւական լուրջ աշխատանք կը տանի` հիմնականին մէջ նկատի ունենալով երկու իրականութիւն. անոնցմէ առաջինին համաձայն, Թուրքիոյ իրագործած այս քաղաքականութիւնը հին է եւ ոչ թէ նոր, իսկ երկրորդ` Թուրքիա պիտի շարունակէ ուրանալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայոց եւ շրջանի ժողովուրդներուն ջարդերը` սկսեալ Լեռնալիբանանի բնակիչներէն, անցնելով ասորիներէն, հասնելով մինչեւ քաղդէացիներն ու իսլամները:

«Մենք մնայուն կերպով նկատի կ՛ունենանք լիբանանեան հաւաքական յիշողութիւնը, որովհետեւ կը զգանք, որ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ անհրաժեշտ պատասխանատուութեան մակարդակը չկայ, հակառակ անոր որ լիբանանեան խորհրդարանը 1997-ին եւ 2000-ին պաշտօնական բանաձեւերով ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պահանջած Թուրքիայէն, որ ան եւս ճանչնայ զայն», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

«Ա.Պէ.«Սէ.»-ի Միջադէպին Անդրադարձները Կը Շարունակուին. «Թուրքիա Կը Միտի Հանրութեան Ուշադրութիւնը Վրիպեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներէն» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Ա. Մինասեան. «Պէտք Է Օգտուիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Հայաստանի Անդամակցութենէն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In