Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ 124-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Ստեփանակերտի Մէջ

March 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-22-15_124«Դաշնակցութիւնը յանուն Արցախի». այս խորագիրը կը կրէ ՀՅ Դաշնակցութեան 124-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը, որ  հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ: Տօնակատարութիւններուն վերջին հանգրուանը Ստեփանակերտն էր, ուր 21 մարտին Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արցախի եւ ՀՅԴ քայլերգներով` «Մռակած» համոյթին եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի ու պարի պետական համոյթին կատարողութեամբ: Այնուհետեւ մէկ վայրկեան լռութեամբ ներկաները յարգեցին վերջին օրերուն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին հերոսաբար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը:

Ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, որ շնորհաւորելով ներկաները` կարեւոր նկատեց Դաշնակցութեան անցած հայանուէր  ճամբան, եւ անոր դերակատարութիւնը Արցախի ազատագրման, պետականութեան կայացման ու հայրենիքի շէնացման գործին մէջ:

Իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ,  Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը:

Աշխարհի շուրջ երեք տասնեակ երկիրներէ շնորհաւորական ուղերձներ  ուղարկած էին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին, Արցախի ժողովուրդին` ՀՅԴ 124-ամեակին առիթով, որ տեսերիզով ներկայացուեցաւ ձեռնարկին:

Ելոյթով հանդէս եկաւ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան, որ շեշտեց. «Դաշնակցութիւնը բառիս բուն իմաստով, կարգախօսով է, որով արցախցիներս` անկախ գաղափարական, քաղաքական մօտեցումներէն, կրնանք մէկտեղել մեր կարողութիւնները, դիմակայելու թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին մարտահրաւէրները: Եւ միայն այս ձեւով Արցախի ժողովուրդը կրնայ ազդակ ուղարկել եւ իր շուրջը համախմբել համայն հայութիւնը® Մենք կարողութիւնը ունինք  ակնկալելու, որ ազգը կը հասնի այն գիտակցութեան, թէ  Դաշնակցութիւնը պատմական ազդակ է հայ իրականութեան մէջ, եւ իր գիտակցութեան չափով նիւթապէս կը նպաստէ ՀՅԴ-ի գոյութեան եւ գործին:

ՀՅԴ-ն աւանդական կուսակցութիւն է եւ այդ աւանդութեան մէջ է իր միութիւնը  եւ նոյնութեան գաղտնիքը: Ան այնքան անփոփոխ չի մնար, որ հիննայ ու անպէտք դառնայ հանրային կեանքի ղեկավարութեան համար, բայց նաեւ այնքան չի փոխուիր, որ դառնայ յեղյեղուկ: ՀՅԴ-ն իր բնոյթով կը մնայ նոյնը, բայց կը յարմարի կեանքին: Փոփոխութիւնները ոչ թէ կը բեկեն, այլ` կը հոսին, ոչ թէ կը յեղաշրջեն, այլ` կը բարեշրջեն ®»:

ՀՅԴ-ի հրաւէրով Արցախ կը գտնուէր արմատներով Սուրիայէն, «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան հիմնադիր Գէորգ Շատոյեան: Տեղի ունեցաւ «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան ժամանակակից ձեւաւորմամբ ազգային տարազներու առաջին եւ բացառիկ ցուցադրութիւնը, որ, ինչպէս իր ելոյթին մէջ նշեց հեղինակը, նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ պիտի ցուցադրուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ:

ՀՅԴ 124-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը եզրափակուեցաւ 104 տարի առաջ, ՀՅԴ 20-ամեակին առիթով գրուած երգով` «Մենք ենք մեր սարերը» համոյթին կատարողութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան` Եւրոպացիներուն. «Տարածք Զիջելու Մասին Ոչ Մէկ Խօսք Կրնայ Ըլլալ»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Նովրուզի Առիթով Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Քրտական Համայնքը Եւ Իրանի Ղեկավարութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.