Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Պրիւքսէլի Մէջ Մասնակցեցաւ Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան Ժողովին

March 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-19-15_bruxԱշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գերաստիճանին: Հանրապետութեան նախագահը իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի եւրոպական օրակարգին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւող` տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի մէջ  իրականացուող բարեփոխումներուն, հայ ժողովուրդին համար յատուկ խորհուրդ ունեցող 2015 թուականին, երբ աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենիքի եւ անոր սահմաններէն դուրս կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, կարեւոր նկատելով ցեղասպանութիւններու լիարժէք միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը` իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան կանխարգիլման միակ արդիւնաւէտ միջոց:

Օգտուելով առիթէն` Հանրապետութեան նախագահը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ԵԺԿ-ի քաղաքական համաժողովին կողմէ 3 մարտ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած` «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ եւրոպական արժէքները» բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ, ընդգծելով, որ ատով ԵԺԿ-ն արժանապատուօրէն ապացուցեց համամարդկային արժէքներուն եւ սկզբունքներուն իր յանձնառութիւնը:

Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն գերաստիճանին ներկայ հրաւիրեալներուն մասնակցութիւնը` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդին համար ատիկա եւրոպական արժէքներու յաղթանակի, եւրոպական յառաջդիմութեան խորհուրդ կը պարունակէ եւ կ՛ըլլայ «Այլեւս երբեք» կարգախօսի ամէնէն խօսուն մարմնաւորումը: Այս ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան  շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ժոզեֆ Տոլին` ապրիլի 24-ին Երեւան այցելելու իր հրաւէրը  ընդունելու եւ այդ օրը հայ ժողովուրդին հետ Հայաստանի մէջ ցեղասպանութեան զոհերու  յիշատակը ոգեկոչելու պատրաստակամութեան համար:

 

 

 

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայկական 16 Կազմակերպութիւններ Նամակ Յղած Են Օպամային` Յորդորելով Ընդունիլ Հայաստան Այցելելու Նախագահ Սարգսեանի Հրաւէրը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Տեսակցեցան Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.