Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Թշնամութիւն Եւ Ատելութիւն Չենք Սերմաներ Մեր Ժողովուրդին Մէջ» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

Մարտ 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_serj«Հայաստանի Հանրապետութիւնը նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ պիտի շարունակէ իր պայքարը ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան», յայտարարած է Հայաստանի  նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ` «Արարատի ստորոտին» խորագիրով միջազգային լրատու-համաժողովին:

«Մենք կը ցանկայինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ոգեկոչել նաեւ թուրք ժողովուրդին հետ` անով իսկ ազդարարելով երկու ժողովուրդներուն միջեւ հաշտեցման եւ յարաբերութիւններու հաստատման նոր հանգրուան մը, որուն ալ միտուած էին 2009 թուականին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները եւ իմ հրաւէրս Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին` 24 ապրիլին միասին յարգելու Հայոց եղեռնի զոհերու յիշատակը: Դժբախտաբար, այս անգամ ալ մենք բախեցանք ժխտողականութեան հետ, որ այս տարի առանձնայատուկ դրսեւորում ստացաւ», իր ելոյթին մէջ ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման օրը` 24 ապրիլին Թուրքիոյ մէջ Կալիփոլիի մարտերու 100-ամեակը նշելու որոշման: Ըստ նախագահին, թրքական իշխանութիւնները իրենց ժխտողական քաղաքականութեամբ ոչ միայն կ՛արդարացնեն Օսմանեան իշխանութիւններուն ոճիրը` հայերու հայրենազրկումը, այլեւ վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծեն նոր ցեղասպանութիւններու իրագործման համար:

«Մարտ 2013-ին ՄԱԿ-ի մարդկային  իրաւունքներու խորհուրդի 22-րդ նստաշրջանին ընդունուեցաւ Հայաստանի նախաձեռնած` ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը: Այս տարի եւս պիտի առաջարկենք նոր բանաձեւի նախագիծ: Ոգեւորիչ է, որ միջազգային հանրութեան ներկայացուցիչները եւս անմասն չեն Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն, աւելին` իրենց ծանրակշիռ ներդրումը կը բերեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին մէջ»:

«Եթէ Ազրպէյճան չըլլար, հայ-թրքական արձանագրութիւնները արդէն վաւերացուած կ՛ըլլային», յայտարարած է Հայաստանի  նախագահ Սերժ Սարգսեան` համաժողովի ծիրին  մէջ պատասխանելով թրքական «Զաման» թերթի լրագրողին հարցումին:

Նախագահը ըսած է. «Թուրքիոյ ղեկավարութեան վրայ մնայուն կերպով ճնշում կը բանեցնէ Ազրպէյճանի գործօնը: Քանի մը տարի առաջ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած էր Հայաստանը մեկուսացնելու քաղաքականութեան մասին: Բնականաբար, այդ ծրագիրներուն իրականացման համար ան հսկայական ջանքեր կը գործադրէ, եւ այդ քաղաքականութեան հետեւանքները որոշակիօրէն կը տեսնենք Թուրքիոյ մէջ: Հայ-թրքական արձանագրութիւնները ետ կանչելով ես չեմ   սպաննած զանոնք եւ չեմ փակած հաշտութեան պատուհանը: Ատիկա ոչ թէ իրաւական, այլ քաղաքական քայլ է: Այս քայլով ես փափաքած  եմ անգամ մը եւս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն  ուշադրութիւնը հրաւիրել այս փաստին վրայ»:

Անդրադառնալով արտաքին քաղաքականութեան` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Ռուսիոյ հետ սերտ փոխադարձ համագործակցութիւնը Հայաստանի անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման եւ կայունութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է: Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ուղղուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու հետ բարեկամական գործընկերութեան եւ Ֆրանսայի հետ առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու ամրապնդման: Ան աւելցուց, որ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները միշտ զարգացում կ՛արձանագրեն:

Նախորդը

Հան Տեսակցեցաւ Սարգսեանի, Նալբանդեանի Եւ Աբրահամեան Հետ

Յաջորդը

Դաւիթ Արշակեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց Լիթուանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան

RelatedPosts

Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Մարտ 31, 2023
Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In