Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հան Տեսակցեցաւ Սարգսեանի, Նալբանդեանի Եւ Աբրահամեան Հետ

Մարտ 19, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-18-15_HanՀայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  ընդունած է Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հանը:

Հանրապետութեան նախագահը եւրոպացի գործընկերներուն հետ շարունակական երկխօսութիւնը եւ բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները լաւ կարելիութիւն նկատած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները քննարկելու, երկուստեք հետաքրքրող հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակելու համար: Այս ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է յանձնակատար Եոհաննես Հանի այցելութիւնը Հայաստան:

Հան իր կարգին ընդգծած է, որ մեծապէս կը գնահատէ Հայաստանի եւ եւրոպացի գործընկերներուն միջեւ ընթացող երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը: Ան նշած է, որ այժմ վերատեսութեան կ՛ենթարկուի Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հայեցակարգը, որուն սկզբունքներուն շուրջ տեսակէտներու աշխուժ փոխանակում կ՛իրականացուի: Այդպիսի կարեւոր սկզբունքներէն մէկը, ըստ յանձնակատար Հանի, այն է, որ դրացնութեան քաղաքականութեան իւրաքանչիւր գործընկերոջ հետ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ունենայ անհատական մօտեցում` հասկնալով եւ յարգելով համագործակցութեան վերաբերեալ տուեալ երկրին պատկերացումներն ու մօտեցումները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ  համագործակցութիւնը օգտակար նկատած է  Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու խթանման տեսանկիւնէն եւ շնորհակալութիւն յայտնած  եւրոպական բոլոր կառոյցներուն` այս հարցին մէջ ցարդ Հայաստանին ցուցաբերուած օժանդակութեան համար:

Հան նշած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը  արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ նախորդ հանգրուանի բանակցութիւնները վատնուած ջանքեր չէին, եւ անկախ հետագայ զարգացումներէն, անոնք օգտակար էին ակնկալութիւններն ու սահմանուած չափանիշները, նաեւ եւրոպական շուկային մէջ  մրցունակ ըլլալու կարելիութիւնները պատկերացնելու առումով:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ  յանձնակատար Եոհաննես Հան միտքեր փոխանակած են նաեւ շրջանային խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն շուրջ:

Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հան երէկ նաեւ տեսակցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին, Հան խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մասին, ըսած է. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի  Մինսքի խմբակի ձեւաչափին: Սթաթիւս քոն անընդունելի է, իսկ բանակցութիւններու նպատակը խաղաղ լուծման հասնիլն է: Եւրոպական Միութիւնը կը խթանէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան շարունակումը, մանաւանդ նախագահներու մակարդակով: Կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն` յարգելու  զինադադարը, զսպուածութիւն դրսեւորելու թէ՛ յայտարարութիւններուն եւ թէ՛ գործողութիւններուն մէջ` ստեղծելով տագնապի լուծման համար բարենպաստ մթնոլորտ»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանելով հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը, թէ  Հայաստան ոչինչ կ՛ընէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ, ըսած է. «Ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ Թուրքիա  միշտ խնդիր ստեղծած է` մէկ կողմէ աջակցելով Ազրպէյճանի ապակառուցողական մօտեցման, միւս կողմէ` փորձելով միջամտել միջազգային լիազօրութիւն ունեցող եռանախագահներու  ջանքերուն: Եթէ Թուրքիա իսկապէս կը փափաքի  օգնել հիմնախնդիրի լուծման, որքան կարելի է պէտք է հեռու մնայ այդ հոլովոյթէն»:

Նալբանդեան ըսած է. « Պէտք է զերծ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան վնասել եռանախագահներու ջանքերուն` ուղղուած հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման, զերծ մնալ ստեղծելէ նոր կառոյց, ձեւաչափ, աշխատանքային խումբ, որոնք կը վնասեն եռանախագահներու գործունէութեան: Եռանախագահները կ՛ընեն կարելի ամէն բան, որպէսզի հիմնախնդիրը ունենայ բացառապէս խաղաղ լուծում»:

Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդարձակման բանակցութիւններու հարցերով յանձնակատարը ապա տեսակցած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին Աբրահամեան ըսած է, որ Հայաստան պատրաստակամ է խթանելու Եւրոպական Միութեան հետ գործակցութիւնը բարեփոխումներու շարունակականութեան ապահովման, առեւտրական-տնտեսական կապերու  ընդլայնման, գործարար միջավայրի բարելաւման, արդիւնաւէտ կառավարման, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու  եւ այլ մարզերու մէջ:

Հան շեշտած է, որ Եւրոպական Միութիւնը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացման, ամրապնդման գործին մէջ եւ յոյս յայտնած, որ իր այցելութիւնը  նոր լիցք կը հաղորդէ երկկողմանի գործակցութեան:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են  Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու նոր օրակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան, ենթակառոյցներու, օդանաւային ճամբորդութեան  մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման, Եւրոպական Միութեան այցեգիրի  ազատականացման կարելիութիւններուն  վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Ըստ Թրքական Լրատուամիջոցներու. Էրտողան Եւ Փութին Խօսած Են «1915-Ի Դէպքերուն Մասին»

Յաջորդը

«Մենք Թշնամութիւն Եւ Ատելութիւն Չենք Սերմաներ Մեր Ժողովուրդին Մէջ» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը
Հայկական

Պաքու Կոչ Կ՛ուղղէ Երեւանին «Չչարաշահելու Հայաստանի Տարածքին Մէջ Եւրոպական Միութեան Առաքելութեան Ներկայութեան Փաստը»

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In