Երէկ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ նշանակուած Աղուան Վարդանեան եւ անդամ Լիլիթ Գալստեան հանդիպեցան Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով նոր նշանակուած յանձնակատար Եոհաննես Հանին հետ:
Յանձնակատարը ողջունելով հիւրերը, ցանկութիւն յայտնեց լսել անոնց տեսակէտներն ու մօտեցումները երկրի ներքաղաքական կացութեան, եւրոպական դրացնութեան ձեւաչափին մէջ անոնց ակնկալիքներուն ու պատկերացումներուն ուղղութեամբ: Գոհունակութիւն յայտնելով հանդիպման կարելիութեան համար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան համառօտ ներկայացուց կուսակցութեան քաղաքական օրակարգի տուեալ պահու հիմնական առաջնահերթութիւններէն երկուքը` շեշտը դնելով սահմանադրական բարեփոխումներու ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան առնչութեամբ կուսակցութեան սկզբունքային դիրքորոշումներուն վրայ: Աղուան Վարդանեան կարեւոր նկատեց նաեւ Եւրոպական Միութեան դերակատարութիւնը ու աջակցութիւնը եւրոպական չափանիշներով ընտրական օրէնսգիրքի մշակման եւ համապատասխանաբար` ընտրութիւններու կազմակերպման գործին մէջ: Վարդանեան նաեւ լաւատեսութիւն յայտնեց Ռիկայի վեհաժողովին մէջ քաղաքական օրակարգով նոր մակարդակի բանակցութիւններ սկսելու ուղղութեամբ:
Լիլիթ Գալստեան յայտնելով ՀՅԴ ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած եւրոպական արժէքներու հաւատարմութեան իրողութիւնը, կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման անհրաժեշտութիւնը` ատիկա դիտելով իբրեւ երկրին մէջ ընկերային ու քաղաքացիական շինարարութեան կենսական հիմք, երկրին մէջ ժողովրդավարութեան խորացման ու ամրացման, արմատական փոփոխութիւններու գրաւական: Հանդիպումին աւարտին Աղուան Վարդանեան նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Եւրոպական Միութեան յանձնակատարին Եւրանեսթի լիագումարին մասնակցելու ու Հայաստանի մէջ «Եւրոպական շաբթուան» իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերելու համար: