Լիբանանի «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի տնօրէնութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի հետ համագործակցաբար երէկ` ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, համանուն համալսարանի «Իսամ Ֆարես» սրահին մէջ` պաշտօնական ձեռնարկ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Օրուան հանդիսավարն էր դոկտ. Նատա Սաատ Սապեր: Ան համալսարանին անունով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն է եւ տակաւին պատմութիւնը կը վկայէ, պատմագէտները կը հաստատեն, ազգերը կը դատապարտեն, բայց ցեղասպանը կը շարունակէ ուրանալ: Ան յայտնեց, որ համալսարանը իր դռները լայն բացաւ զօրակցելու ու մասնակից դառնալու հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ, որոնք չհեռացան իրենց անցեալէն ու պատմութենէն:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան հակիրճ ակնարկ մը նետեց Հայոց եղեռնի պատմական իրողութեան: Ապա ըսաւ, որ այս հանդիսութիւնը նահատակներու յիշատակին համար չէ, այլ` յաղթանակի տօնախմբութիւն է, մեր ազգի ուժին ու ապրելու կամքին արտայայտութիւնը: Մենք ողջ ենք, հակառակ մեր կրած արհաւիրքներուն: Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով մենք դարձած ենք առաւել հաստատակամ եւ ճկուն, այս սկզբունքով պիտի դաստիարակենք նաեւ գալիք սերունդները: Խտըշեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, որ մենք պիտի շարունակենք վերականգնել արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը` ստեղծագործելով, մեր արուեստով, երաժշտութեամբ ու գրականութեամբ, միաժամանակ փոխանցելով մեր պատմութիւնը եւ վերակառուցելով բռնութենէ ու ահաբեկումէ զուրկ քաղաքակրթութիւն:
Ապա խօսք առնելով դոկտ. Սուհել Մաթար ըսաւ, որ 100 տարի անցաւ եւ տակաւին կը յիշենք… ցաւոտ յիշատակները սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին. ժողովուրդի մը կրած արհաւիրքը ասպարէզ կը կարդայ մոռացութեան, բայց յամառօրէն կը շարունակենք յիշել: Ան նշեց, որ այս հաւաքը միայն յիշելու համար չէ, որ կազմակերպուած է, այլ քննարկելու, ուսումնասիրելու, մտածելու եւ զգացումէն անցնելու բանականին: Ան շարք մը հարցադրումներով անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան իրողութեան, հայ ժողովուրդի պատմական անցեալին, հայկական հարցին:
Դոկտ. Մաթար նախ յայտնեց, որ ցեղասպանութեան դատապարտման հարցը որդեգրուած է ՄԱԿ-ի 1946-ի ժողովի թիւ 96/1 օրէնքով, ապա յիշեց 20-րդ դարուն կատարուած ցեղասպանութիւնները, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, Համաշխարհային Ա. եւ Բ. պատերազմները, չինացիներու ցեղասպանութիւնը, Քամպոտիոյ, Ալճերիոյ, Քոնկոյի, Ռուանտայի, Պաղեստինի եւ ինչու չէ Սուրիոյ աղէտները: Ան հարց տուաւ, թէ կրօնները խաղաղութեա՞ն կը նպաստեն, թէ՞ պատերազմի, ապա աւելցուց` միթէ՞ պատմութիւնը վրէժ կը սերմանէ:
Դոկտ. Մաթար արագ ակնարկ մը նետեց Հայաստանի պատմական եւ ներկայ աշխարհագրական տուեալներուն վրայ, ապա ներկաներուն յայտնեց Օսմանեան կայսրութեան կատարած ջարդերուն մասին, 1880-էն սկսեալ մինչեւ 1922, յիշելով Երիտթուրքերու, ապա Աթաթուրքին վարած քաղաքականութիւնը: Ան յիշեց նաեւ քիւրտերու, չերքեզներու, համիտիէ գունդերուն մասնակցութիւնը հայութեան բնաջնջման ծրագիրին:
Դոկտ. Մաթար անդրադարձաւ նաեւ հայ ազգային- ազատագրական շարժման, ՍԴՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի կատարած դերին, ապա` վրէժխնդրութեան, թէ ինչպէ՛ս հայ վրիժառուները վրէժ լուծեցին ու պատժեցին հայ ժողովուրդի ջարդարարները` Թալէաթը, Պեհաէտտին Շեքիրը, Ճեմալ փաշան եւ ուրիշներ: Ան շարունակեց հարց տալով. «Ի՞նչ է ՄԱԿ-ի դերը այսօր` ցեղասպանութեան իրականութիւնը բացայայտելու գործին մէջ: Հայոց ցեղասպանութիւնը արժանի չէ՞ համաշխարհային դատապարտման. ի՞նչ է Միջազգային դատական ատեանի դիրքորոշումը:
Ան եզրափակեց իր խօսքը անպատասխան մնացած հարցով մը, ի՞նչ պիտի ըլլար, եթէ ցեղասպանութեան չենթարկուէր հայ ազգը, ապա ըսաւ, «100-ամեակը թող նոր դուռ մը բանայ հայ ազգին, դէպի խաղաղութիւն, արդարութիւն եւ իրաւունք»:
Խօսք առաւ լիբանանցի պատմաբան դոկտ. Սալեհ Զահրէտտին. ան ըսաւ, որ Հայ դատը պատմութեան մէջ անցաւ դուրս գալով աշխարհագրութենէն: Հայ դատը ցոյց տուաւ, որ հայ ազգը արարուած է ապրելու համար, մահը վայել չէ հայ ազգին: Ան շեշտեց, որ հայրենիքը չի լքեր մարդ արարածը: Մարդ իրեն հետ կը շալկէ իր հայրենիքը, իր սրբութիւնները, խղճմտանքը: Մարդ արարածը կը շալկէ նաեւ իր յիշողութիւնը, որ կը գերազանցէ ժամանակը: Ան իր խօսքը ուղղեց թուրք կառավարութեան` ըսելով, որ աշխարհի դրամները ամբողջ չեն կրնար գնել ձեզի համար պատմութիւն, որովհետեւ ձեր սեւ պատմութենէն կ՛ամչնայ նոյնինքն գիշերը եւ սեւ կայծը:
Հայր Փիեռ Նաժմ իր կարգին ըսաւ, թէ աշխարհի վրայ բոլոր ցեղասպանութիւնները դատապարտուած են, բացի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութենէն, որ կը սպասէ արդարութեան ձայնին: Ան յիշեց հայ ժողովուրդի բնաջնջումը, տարագրութիւնը գիւղերէն եւ գաւառներէն, միաժամանակ ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքը չտկարացուց հայ ազգի զաւակները, որոնք իրենց կամքի ուժով մարդկութեան ցոյց տուին իրենց ապրելու կամքն ու իրաւունքը: Հայ ժողովուրդը ընտրեց յաղթանակը մահուան փոխարէն: Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս 1915-ին օսմանցիները սովի ենթարկեցին լիբանանցիները, որոնց իրաւունքը նոյնպէս կը պահանջենք: Մենք սով եւ եղեռն տեսած ու ապրած զոյգ ժողովուրդներու զաւակներն ենք, մեր նախահայրերը ձեռք ձեռքի տուած սկսան կառուցել Լիբանան հայրենիքը` յանուն հայրենի տան ու արդար դատի: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, որ եթէ նոյնիսկ 100-ամեակ մը եւս գայ ու անցնի, մենք բարձրաձայն պիտի գովենք, որ ճշմարտութիւնը չի պահուիր, չաղաւաղուի, որքան անցնի ժամանակը:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, թէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը հարուստ է մշակոյթով ու պատմութեամբ: Պատմութեան ընթացքին միշտ ալ պայքարած է յանուն իր լեզուի պաշտպանութեան, գոյութեան, կրօնին եւ իւրայատուկ նկարագրին պահպանման: Քոչարեան ըսաւ, թէ մենք` հայերս, վերապրած ենք ու շարունակած ստեղծագործել: Այսօր ունինք արդէն կայացած պետութիւն, հզօր բանակ եւ ազատ տնտեսութիւն:
Ան ամփոփ տեղեկութիւն փոխանցեց հայ ժողովուրդի պատմական մշակութային մեծ արժէք ներկայացնող խաչքարներուն մասին:
Ան յայտնեց, որ հնագոյն խաչքարը կը գտնուի Գառնիի տարածքին մէջ եւ կը թուագրուի 9-րդ դարուն: Ան նշեց, որ ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի տուեալներուն, 1923-էն ետք 913 յուշարձաններ մնացած են Թուրքիոյ Արեւելեան սահմաններուն մէջ, որոնցմէ 464-ը անհետացած են, իսկ 253-ը փլատակ են, իսկ 197 վերանորոգման կարիք ունին:
Դեսպան Քոչարեան աւարտեց խօսքը ըսելով, որ 2015 թուականը կարեւոր թուական է հայ ժողովուրդին համար, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցն է: Հայ ժողովուրդը կը վերահաստատէ, որ որոշած է ապրիլ, ստեղծագործել եւ յաւիտեան գոյութիւն ունենալ: Մենք պիտի շարունակենք պայքարը պատմական արդարութեան համար, համաշխարհային ճանաչման եւ դատապարտման համար:
Խօսք առաւ նաեւ Սարգիս Պուտագեան, որ շեշտեց, թէ հայրենիքի նկատմամբ սէրն ու հաւատարմութիւնն է, որ համախմբեր է մեզ այս ձեռնարկին: Ան ըսաւ, որ խաչքարը երախտագիտութեան հաւաստիք է հայ ազգին կողմէ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, որ գրկաբաց ընդունեց, գուրգուրաց ու ձեռք երկարեց գաղթական հայորդիներուն:
Պուտագեան հաստատեց, որ իր գաղափարական եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մղած են զինք այս քայլին:
Բոլոր ներկաները հաւաքուեցան համալսարանի տարածքին զետեղուած խաչքարին շուրջ:
Տեղի ունեցաւ խաչքարի քողազերծում, ապա Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան օրհնեց խաչքարը, ապա Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Ներսէս Պաղտոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի նախագահ Ուալիտ Մուսային եւ նախագահութեան, խաչքարի զետեղման առիթով, որ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի լինելիութիւնը եւ հաւատարմութիւնը իր արմատներուն եւ ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ երախտապարտութիւնը լիբանանեան հայրենիքին: