Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Դիմակը Ինկած Է` Հակառակ Էրտողանի Կողմէ Թուրքիան Ահաբեկչութեան Դէմ Մարտկոցի Վերածելու Բեմականացումներուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Մայիս 23, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-22-15_enger_hagop_22mayՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Պինա» օրաթերթին եւ «Թոփ Նիուզ» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ հայութիւնը չէ սխալած, երբ 100 տարի շարունակ յայտնած է, թէ Թուրքիա նոյնն է եւ չի փոխուիր:

Այս առիթով ան յայտնեց, որ ինք առաջին անգամ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպում մը ունեցած է 2008-ին, երբ սուրիական-թրքական յարաբերութիւնները մեղրալուսնային, իսկ երկու երկիրներուն սահմանները բաց էին, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական նպատակներով:

«Երբ Այս մասին հարց տուի Ասատի, ան պատասխանեց, որ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են: Իմ կարգիս մաղթեցի, որ այդ յարաբերութիւնները երեք տարի ետք եւս այդպէս մնան` առանց թրքական դիմակին իյնալուն: Այս մասին շեշտեցի նախագահ Ասատին, որ այդ կեցուածքը կ՛արտայայտեմ ոչ թէ պարզապէս հայ ըլլալուս պատճառով: Ընդհակառակն, որովհետեւ լիբանանցի եմ եւ արաբական դատերը իմ դատս կը նկատեմ, սակայն պարզապէս այն տարբերութեամբ, որ իբրեւ հայ` Թուրքիոյ հետ փորձառութիւն ունիմ», շեշտեց ան:

«Թրքական դիմակը ինկած է` հակառակ Էրտողանի կողմէ Թուրքիան ահաբեկչութեան դէմ մարտկոցի վերածելու բեմականացումներուն», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, որովհետեւ Թուրքիա վերածուած է Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ մեր վկայած ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողութեան յառաջդիմական մարտկոցին:

Ան հաստատեց, որ թրքական եւ արաբական քաղաքակրթութիւններուն միջեւ խորունկ տարակարծութիւններ կան, «իսկ Թուրքիոյ հետ վարուելու առումով կարգ մը արաբական երկիրներու միջեւ կան անհամաձայնութիւններ` մարտավարական պատճառներով: Այսօր նկարները կը կրկնուին, կախաղաններ, սպանդներ, ջարդեր, գերեզմաններու պղծում, սպանութիւն, առեւանգում եւ գլխատում. այս բոլորը դար մը առաջ պատահած էին հայոց, ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ լիբանանցիներուն` ե՛ւ իսլամներուն, ե՛ւ քրիստոնեաներուն դէմ, 6 մայիսին Պուրճի եւ Մարժի հրապարակներուն վրայ բարձրացած կախաղաններով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կրօնական դրդապատճառներով չէ որ գործուած է, այլ` համաթուրանական-քաղաքական ծրագիրը գործադրելու նպատակով:

Այս առումով երեսփոխան Բագրատունի Թուրքիայէն պահանջեց Օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան համար ներում հայցել եւ հատուցումներ կատարել` նկատի ունենալով, որ անիկա արիւնարբու այդ կայսրութեան ժառանգորդն է:

Ան շեշտեց, որ արաբական երկիրները ուշացած են ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Մենք կը հասկնանք փոխադարձ շահերու գոյութիւնը, սակայն անոնց նուազագոյն պարտականութիւնն է յարգել նահատակները: Մենք լիբանանեան պետութենէն պահանջեցինք Հայոց ցեղասպանութեան առումով յստակ կեցուածք որդեգրել, եւ իբրեւ պատասխան Լիբանանի խորհրդարանը 2000-ին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր կեցուածքը արաբական երկիրներուն մէջ ամէնէն հզօրն էր: Իսկ երբ պահանջեցինք 24 ապրիլը սգատօն յայտարարել` մերժելու համար ցեղասպանութիւնները, լիբանանեան առումով տարակարծութիւն արձանագրուեցաւ եւ կարգ մը փողոցներու մէջ նշմարուեցան թրքական դրօշներ, հակառակ անոր որ Թուրքիա Լիբանանի մէջ ալ ջարդեր եւ տեղահանութիւններ գործած է», ընդգծեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայկական կազմակերպութիւններուն, հայկական պետութեան պայքարին, Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ահաբեկչութեան վտանգին եւ Վատիկանի ու Եւրոպական Միութեան կեցուածքներուն իբրեւ արդիւնք կարելի եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում ապահովել:

Անդրադառնալով հայկական-իրանեան յարաբերութիւններուն` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները աւելի քան երկու հազար տարուան պատմութիւն ունին` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններուն շրջագիծին մէջ հայկական հարցը բնաւ քննարկումի առարկայ չի դառնար:

Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ այս օրերուն բոլորին հայեացքները շեղած են սիոնական ահաբեկչութենէն` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուղղուին դէպի բաժանում եւ մասնատում` կացութիւն մը, որ դարու մը համար կը հանգստացնէ Իսրայէլը:

Թուրքիոյ ներկայ իրավիճակին մասին Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ թրքական իշխանութիւնները կը հաստատեն իրենց երկրին տնտեսական բարգաւաճումը եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը, այսուհանդերձ այսօր Թուրքիոյ մէջ կայ հանրային կարծիք մը, որ կը մերժէ ահաբեկչութիւնը եւ կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութեան ու քրտական հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած կեցուածքները:

«Թուրքիոյ բնակչութեան գրեթէ կէսը թուրքեր չեն, այլ քիւրտեր, հայեր եւ տարբեր ազգեր, իսկ այս ճշմարտութիւնը ուշ կամ կանուխ պիտի ժայթքի:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ Թուրքիան իր ոտքերուն վրայ կրնայ կենալ` շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցած հաւասարակշռութեան իբրեւ արդիւնք, իսկ եթէ այդ հաւասարակշռութիւնը խախտի, ապա Թուրքիա իր դերակատարութիւնը պիտի կորսնցնէ:

Ներքին լիբանանեան առումով, Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ նախագահական ընտրութիւնը մօտալուտ չէ` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարը սառած պիտի մնայ, մինչեւ շրջանային համաձայնութիւններ չպարզուին կամ քաղաքական ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը ընդունելու իմաստով լիբանանեան հասունութիւն չգոյանայ:

 

 

 

Նախորդը

Զօր. Քահուաժի Օրուան Հրամանին Մէջ Հաստատեց Լիբանանեան Բոլոր Հողերը Ազատագրելու Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախաձեռնութիւններուն. «Այս Բոլորը Ոչ Միայն Ցաւ Ու Տառապանք Էր, Այլ` Համախմբում, Որով Կարելի Է Միայն Հպարտանալ» Յայտարարեց Հրանուշ Յակոբեան

RelatedPosts

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները
Գլխաւոր լուրեր

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի Ներկայացուցիչները

Մարտ 24, 2023
Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In