Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Երիտասարդները Յայտարարեցին. «Ելեկտրականութեան Սակի Բարձրացումը Պիտի Քայքայէ Պետութիւնը»

May 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւններուն անդամները նախանցեալ օր կառավարութեան շէնքին առջեւ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին` կառավարութենէն եւ իշխանութիւններէն պահանջելով կասեցնել ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը եւ վերահսկողութիւն իրականացնել Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու ղեկավարութեան ծախսերուն նկատմամբ:

«Կը պահանջենք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններէն եւ կառավարութենէն կանխել հոսանքի սակի ապօրինի բարձրացումը, որ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի գրպանի հաշուոյն: Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու ղեկավարութեան ճոխութիւններուն համար մենք պատրաստ չենք վճարելու: Անոնք իրենց հարստութիւններուն եւ ճոխութիւններուն մէջ չեն պատկերացներ, որ Հայաստանի մէջ 35 տոկոս աղքատութիւն կայ եւ ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը աւելի պիտի աղքատացնէ աղքատ հայ ժողովուրդը եւ արտագաղթի նոր ալիք պիտի յառաջացնէ, պիտի քայքայէ պետութիւնը», կառավարութեան շէնքին մօտ բարձրախօսով յայտարարեց ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամ Մեսրոպ Եսայեան:

Կառավարութեան շէնքին մօտ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն մօտեցաւ կառավարութեան քաղաքացիներու ընդունելութեան եւ դիմումներու քննարկման վարչութեան պետ Ալեքսանդր Ղազարեան եւ խոստացաւ յանձնել անոնց պահանջագիր-նամակը` նշելով, որ կառավարութիւնը տասը անգամ չի ցանկար, որ ելեկտրականութեան սակը բարձրանայ:

Այնուհետեւ ՀՅԴ երիտասարդական միութեան եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամները «Ո՛չ հոսանքի թանկացման» պաստառներով եւ բարձրաձայն կոչերով ուղղուեցան Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի շէնք եւ բնակչութեան կոչ ուղղեցին դուրս գալ բնակարաններէն եւ մասնակցիլ բողոքի ցոյցին: Պահանջագիր-նամակ յանձնուեցաւ նաեւ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի ներկայացուցիչին:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան անդամները պիտի մասնակցին նաեւ 27 մայիսին ելեկտրականութեան սակի բարձրացման դէմ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցին:

Նախորդը

Կիպրոսի Պաշտպանութեան Նախարարը Այսօր Հայաստան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Սահակեան Տեսակցեցաւ Քանատայի Խորհրդարանի Նախագահին Հետ

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.