Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Քաղաքական Մուրացկանութեամբ Չենք Զբաղիր» Կ՛ըսէ Դաւիթ Իշխանեան

Մայիս 22, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-21-15_FotorCreated9Ազատ հայրենիք կուսակցութեան (ԱՀԿ) փոխնախագահ, Արցախի Ազգային ժողովի  նախկին փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, 18 մայիսին armtimes.com լրատու կայքին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադառնալով 2017 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն, նշեց, որ Արցախի երեք քաղաքական ուժերը` ԱԺԿ-ն, ԱՀԿ-ն եւ ՀՅԴ-ն պիտի աջակցին այն թեկնածուին, որ  իրենց` Ազատ հայրենիք կուսակցութեան կողմէ պիտի առաջադրուի:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ի պատասխան Արթուր Թովմասեանի յայտարարութեան, aparaj.am-ի թղթակիցին հետ երէկ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ նշեալ հարցին վերաբերեալ Թովմասեան ապատեղեկատուութիւն կը  տարածէ:

«Ոչ մէկ քննարկում եղած է եւ, ուրեմն, չէր կրնար  ըլլալ նման համաձայնութիւն: Տակաւին նոր աւարտած է  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի  ընտրութիւնը, եւ այժմ կանուխ է խօսիլ նախագահական ընտրութիւններուն մասին»:

Ինչ կը վերաբերի Արթուր Թովմասեանի այն կարծիքին, որ առանց Ազատ հայրենիք կուսակցութեան աջակցութեան ոչ ոք կրնայ դառնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ, Դաւիթ Իշխանեան մեկնաբանեց, որ այս ընտրութիւններուն լոյսին տակ դատողութիւններ ընել 2017 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն մասին եւ արդէն իսկ մրցապայքար յայտարարել ճիշդ չէ, մանաւանդ որ յառաջիկային կարելի են այլ քաղաքական զարգացումներ:

«Նախագահական ընտրութիւններու արցախեան փորձը, 1990-ականներու կէսէն առ այսօր, լուրջ խորհելու առիթ կու տայ: Ո՛վ որուն եւ ինչպէ՛ս աջակցած է, ի՛նչ նպատակներով եւ քաղաքական դրդապատճառներով` կը ձգեմ ընթերցողներուն: Դաշնակցութեան համար միշտ ալ կարեւոր է իր կուսակցութեան որոշումը, եւ այդ որոշումը յարգելու սկզբունքը: Թէ ո՛վ որու կ՛աջակցի` ապագայի հարց է: Կը խորհիմ, որ ճիշդ չէ հիմա նման հարցադրումներ ընել, յատկապէս, երբ նոր աւարտած են Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Արդեօ՞ք միւս քաղաքական ուժերը ունին ներքին համաձայնութիւն, սակայն ՀՅԴ-ի հետ նման հարց չէ քննարկուած: ՀՅԴ-ն, իր կարգին, օրակարգային նման հարց չէ ունեցած: Դաշնակցութիւնը ունի իր համապատասխան կառուցային գործելաոճը: Մասնաւորապէս, ՀՅԴ Արցախի կառոյցը երկու տարին անգամ մը ունենալով իր գերագոյն ժողովը` կը ճշդէ կուսակցութեան յառաջիկայ երկու տարուան քաղաքական ուղեգիծը եւ կու տայ իր քաղաքական առաջադրանքները: Հաւանաբար, նոյեմբերին տեղի ունենալիք մեր բարձրագոյն ժողովին մէջ մենք կ՛անդրադառնանք 2017 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:

Ազատ հայրենիք կուսակցութեան փոխնախագահը նաեւ կարծիք յայտնեց, որ իբրեւ թէ  Ազատ հայրենիք կուսակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնը «շնորհած»  է Դաշնակցութեան:

Այս հարցին վերաբերեալ Դաւիթ Իշխանեան նշեց.

«Այդ պաշտօնը ոչ ոք կրնայ մեզի ընծայել: Մենք այդ իրաւունքը ձեռք բերած ենք` ըլլալով երկրորդ քաղաքական ուժը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ: Մենք քաղաքական մուրացկանութիւն չենք ըրած երբեւէ, եւ ոչ ոք թող փորձէ ներկայացնել մեզ այդ դերին մէջ: Եթէ 5 տարի առաջ խախտած է խորհրդարանին մէջ մեծամասնութեան քուէ  ստացած քաղաքական ուժի` իբրեւ խորհրդարանի ղեկավարի պաշտօն ստանձնելու մշակոյթը, այսօր այլեւս այդպիսի մշակոյթով առաջնորդուողները թող չփորձեն սեփական քաղաքական սխալներն ու վրիպումները բարդել ուրիշներու վրայ»:

 

Նախորդը

«Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Հարցին Մէջ Նոր Մեթոտներ Պէտք Է Կիրարկեն» Կ՛ըսէ Հան

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Անդամ Վահրամ Բալայեան` Արցախի Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Ակնարկ.   Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ամերիկեան Փոփոխութիւններ Եւ Վերստին Անհասցէականութիւն

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In