Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարաւի Ազատագրման 15-Ամեակին. Սէյիտ Նասրալլա Հաստատեց, Որ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարը Գոյութենական Կռիւ Է

May 25, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-24-15_Nasrallah-TV25 մայիս 2000-ին Հըզպալլայի կողմէ Հարաւի ազատագրութեան 15-ամեակին առիթով ժողովրդային հաւաք մը տեղի ունեցաւ երէկ` 24 մայիս 2015-ի երեկոյեան Հարաւի Նապաթիէ շրջանին մէջ, ուր պատկերասփռուած իր խօսքին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասսան Նասրալլա զգուշութեան կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն` անդրադառնալու շրջանի իրադարձութեանց յառաջացուցած մարտահրաւէրներուն, ուր առանցքային կարեւորութեամբ կը շեշտուի շրջանի ժողովուրդներուն գոյապայքարը:

Պատմական զուգահեռ մը գտնելով` Նասրալլա յայտնեց, թէ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ եւ այսօրուան թշնամին երէկուան նոյն թշնամին է, տարբեր անուան տակ, որ կը ձգտի մեր հողերուն, ջուրերուն եւ գոյութեան: Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կռիւը չի սահմանափակուիր միայն Սուրիոյ դէմ` նշելով, որ այս վերջինին ապահովական ու զինուորական քայլերը եւ յարձակումները կ՛անցնին Սուրիայէն մինչեւ Իրաք, Եգիպտոս (Սինա), Եմէն, Սէուտական Արաբիա, Աֆղանիստան եւ նոյնիսկ` Նիկերիա, յանձինս Պոքօ Հարամի: Շեշտելով այս ուղղութեամբ համաժողովրդային միացեալ ճակատի կազմութեան անհրաժեշտութիւնը` Նասրալլա հերքեց այն լուրը, թէ ինք իր նախավերջին խօսքին մէջ ընդհանուր զօրակոչի հրաւիրած էր: Ան յիշեցուց, թէ նման պարագայի մը, տասնեակ հազարներով կամաւորներ պիտի փութան` ընդառաջելու պայքարի կոչին:

Նապաթիէի Աշուրա հրապարակէն փոխանցած իր խօսքին մէջ, սէյիտ Նասրալլա ոգեկոչեց 25 մայիս 2000 թուականի յաղթանակը, որ` «արդիւնք էր լիբանանցիներու զոհաբերութեան ու պայքարին»: Դիտել տալով, թէ տակաւին կանուխ է ընդհանուր զօրակոչի դիմելու, Նասրալլա զգուշացուց բոլոր կողմերը, դիտել տալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգը կը սպառնայ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն` կոչ ուղղելով ցարդ լուռ մնացողներուն եւ այլ ուղղութիւններու վրայ գրաւ դնողներուն` վերատեսութեան ենթարկելու իրենց հաշիւները: Վերահաստատելով բանակ – Դիմադրութիւն – ժողովուրդ երրորդութեան սկզբունքը, Նասրալլա կոչ ուղղեց կառավարութեան օրակարգի վրայ քննելու Քալամունի իրավիճակը, ուր պայքարը կը շարունակուի: «Դիմադրութիւնը աւելի քան երբեք պատրաստ ու վճռակամ է շարունակելու պայքարը», ընդգծեց Նասրալլա` հարց տալով քրիստոնեաներուն, թէ «արդեօք «14 Մարտ»-ի ղեկավարներու կեցուածքները պիտի փրկե՞ն ձեզ, ձեր կիներն ու ձեր եկեղեցիները»: Ան անհրաժեշտ նկատեց այս գծով նախաձեռնութեան դիմելու եւ հաւատադրժողական այս խմբակներուն դէմ պայքարելու ընտրանքին մասին մտածելու: Ան մերժեց Սուրիոյ դէմ մղուող պայքարը անջատելու Լիբանանի ուղղութեամբ կատարուող յարձակումներէն, որովհետեւ «վտանգը կը սպառնայ համայն շրջանի ժողովուրդներուն»:

«Գոյութենական կռիւին այլ հարցերը կը յետաձգուին», ընդգծեց Նասրալլա:

 

 

Նախորդը

Նախագահական Աթոռի Թափուր Տարելիցին Առիթով. Նախագահական Ընտրութեան Հարցը` Առանցքը Կազմեց Կողմերու Կոչերուն

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարսակի Համար  (Վարդանանց Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Արտաշատի Եւ Նոր Նուարսակի Համար (Վարդանանց Տօնին Առիթով)

February 12, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»

February 12, 2026
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք,  Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ  Որոշումները Ներքին Հարց Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Պատրաստ Ենք Իւրանիոմի Հարստացման Համեմատութեան Եւ Հարստացուած Իւրանիոմի Պահեստի Ծաւալին Շուրջ Բանակցելու»

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.