Երէկ իւրայատուկ օր էր Թրիփոլիի հայութեան կեանքին մէջ: Հոգեգալստեան տօնին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելեց Թրիփոլի, որուն մուտքին դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ Թրիփոլիի բերդավայր կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի եւ Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանի կողմէ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյ առաջնորդ սրբազան հօր եւ երեսփոխան Բագրատունիի յայտագիրը գերխճողուած էր Թրիփոլիի քաղաքական ու կրօնական հեղինակութիւններուն հետ հանդիպումներով, Հոգեգալստեան տօնին առիթով մատուցուած եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութեամբ եւ Թրիփոլիի հայութեան հետ տեսակցութեամբ:
Հանդիպում` Ֆայսալ Քարամէի Հետ
Մարաթոնային օրը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, երբ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընդունուեցան նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի կողմէ: Առաջնորդ սրբազանին եւ երեսփոխան Բագրատունիի Թրիփոլիի մէջ ներկայութիւնը ողջունելէ ետք նախարար Քարամէ ընդգծեց, որ անոնք կը գտնուին իրենց տան մէջ: Ան ըսաւ, որ հայերը Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանման երաշխիքն են: «Թրիփոլիի հայութիւնը եւ մենք մնայուն համակեցութեան վիճակի մէջ ենք», ընդգծեց նախարար Քարամէ: Երկու կողմերը շեշտեցին ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը` երկրին հարցերուն լուծման համար: Երեսփոխան Բագրատունի կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նախագահի ընտրութեան առաջնահերթութեան, մինչ ներկայիս այս հարցը երկրորդական կարեւորութիւն ունի: Նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէ կարեւոր նկատեց սահմանադրական հաստատութիւններուն վերաշխուժացումը, որովհետեւ ներկայիս գրեթէ բոլոր հաստատութիւններն ալ անդամալուծուած են: Ան նաեւ շեշտեց, որ Թրիփոլին ո՛չ իսլամներուն եւ ո՛չ ալ քրիստոնեաներուն ամրոցն է, այլ լիբանանեան ամրոց է: Այս ծիրին մէջ ան հիմնական նկատեց քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի հայերը խորհրդանիշն են համակեցութեան:
«Մենք զօրակցութիւն կը յայտնենք Հայ դատին: Ձեր դատը եւ պաղեստինեան դատը կը նմանին իրարու», աւելցուց Քարամէ:
Ս. Հոգեգալստեան Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ երեսփոխան Բագրատունի ուղղուեցան Թրիփոլիի Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային դիմաւորում եւ ոչխարի զենում: Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը նշուեցաւ մասնակցութեամբ աննախընթաց հոծ բազմութեան` մեծամասնութեամբ երիտասարդներ:
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ֆաուզի Միթրիի ներկայութեան մատուցուած պատարագին նախագահեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Յընթացս Ս. պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ Շահէ եպս. Փանոսեան շեշտը դրաւ Հոգեգալստեան տօնի փոխանցած այժմէական նշանակութեան վրայ: Սրբազանը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ Քրիստոս իր Համբարձումէն առաջ ինչպէս խոստացած էր իբրեւ մխիթարիչ իր աշակերտներուն ուղարկել Ս. Հոգին, ինչ որ տեղի ունեցաւ վերնատան մէջ, երբ առաքեալները եւ բազմութիւնը հաւաքուած էին: Այս պատմութիւնը երբեք պատահականօրէն չէ յիշատակուած, այլ այժմէական է մեզի համար: «Կեանքին մէջ կան պահեր, երբ մենք ալ առաքեալներուն նման հաւաքուած պէտք է ըլլանք: Աստուծոյ Հոգիին գալուստը նոր խանդավառութիւն ստեղծեց Քրիստոսի հաւատացեալներուն մօտ: Առաքեալներն ալ մեզի պէս երկչոտ էին, բայց անոնք ունէին հաւատք ու յոյս Քրիստոսի նկատմամբ: Քրիստոսի առաքեալներուն հաւատքը պէտք է նաեւ տեղ գտնէ մեր մէջ, մենք պէտք է ըլլանք համախմբուած` ի խնդիր միեւնոյն ազգին եւ ազգային արժէքներուն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:
«Այս համախմբուածութիւնը, զոր մենք այսօր կը տեսնենք այս եկեղեցւոյ մէջ, պէտք չէ պարբերական ըլլայ, այլ միշտ համախմբուած պէտք է ըլլանք, որպէսզի Աստուած մեզի հետ ըլլայ», շեշտեց սրբազանը: Առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց եւ գնահատեց եկեղեցւոյ մէջ ներկայ մեծ թիւով հաւատացեալները: Ան ըսաւ, որ` «հակառակ անոր որ Թրիփոլիի հայութիւնը քիչ մը հեռու կը գտնուի մեզմէ, բայց մենք մնայուն կերպով շրջանի աշխարհիկ եւ հոգեւոր պատասխանատուներէն տեղեկութիւններ կը ստանանք ու տեղեակ ենք շրջանի ցաւերէն»:
Առաջնորդ սրբազանը այս առիթով յայտարարեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին անունով լանջախաչ կրելու իրաւունք կը շնորհէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին: Այնուհետեւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան կարդաց Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը, որով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռուբէն քհնյ. Միսիսեանին կը շնորհուի լանջախաչ:
Պատարագէն ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ աջահամբոյր` առաջնորդ սրբազան հօր: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թրիփոլիի, Քուրայի եւ շրջակայքի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աֆրամ Քիրիաքոս եպիսկոպոսը: Թաղական խորհուրդին անունով Վարդգէս Քէօթելեան խօսք առնելով նշեց, որ ճիշդ է, որ Թրիփոլիի հայութիւնը մեծ մասամբ քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով նօսրացած է, սակայն մնացեալ թրիփոլահայերը ոգի ի բռին կ՛աշխատին կանգուն պահել հայ ոգիի տունը` Ս. Հոգեգալստեան եկեղեցին եւ իմաստութեան տունը` Ազգային Նուպարեան Խրիմեան վարժարանը:
Ապա Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանէն աշակերտներ ասմունքեցին փունջ մը քերթուածներ` ներկաներու հիացմունքին ներքեւ:
Խօսք առաւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այդքան ալ նօսրացած եւ տկարացած չէ Թրիփոլիի հայութիւնը, եւ ասոր ապացոյցը քիչ առաջ աշակերտներուն մատուցած գեղարուեստական յայտագիրն էր: «Երբ օտարները կը նային մեզի, կը տեսնեն, որ ուժ ենք, որովհետեւ միասնական եւ համախումբ ենք», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով. «Մեր նոր սերունդին մէջ ձիրքեր կան, ո՛ւժ տանք այդ ձիրքերուն: Չլանք մեր կորուստներուն վրայ, այլ ոգեւորուելով մեր ունեցածով, ձգտինք աւելի հզօրանալու»:
Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ այդպէս չհամախմբուին իրենց եկեղեցիին ու ազգային կեանքին շուրջ միայն երբ առաջնորդը այցելէ, այլ միշտ համախմբուած մնան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը եւ երեսփոխան Բագրատունի ծանօթացան Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի դասարաններուն, իսկ վարժարանին երկրորդ յարկը` ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին եւ վարժարանի տնօրէն Վաչէ Հարմանտայեանի, բացումը կատարուեցաւ «Արփինէ Թոգաճեան-Կէօզիւգարայեան» դասարանին:
Այնուհետեւ ՀՅԴ-ի Թրիփոլիի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ազգային երեսփոխան տոքթ. Ֆիլիփ Փարաքասեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Թրիփոլիի հայութիւնը այսօր կը ցնծայ, որովհետեւ երկար ատենէ ի վեր, քաղաքական աննպաստ պայմաններուն պատճառով, զրկուած էր հովուական այցելութենէ: «Համայնքապետի մը ներկայութիւնը մեր մէջ բոլորիս համար սփոփարար եւ մխիթարիչ օրհնութիւն է», ըսաւ տոքթ. Փարաքասեան:
Ան անդրադարձաւ ազգային վարժարանին, որուն գոյութիւնը պահելը դարձած է նիւթաբարոյական ծանր մտահոգութիւններու երկարատեւ ազդակ: «Կը հաւատանք հայու վեհանձնութեան եւ յարատեւ պայքարի ոգիին ու ամէն գնով պիտի շարունակենք պահել այս փոքրիկ, բայց ազգային գերագոյն կարեւորութիւն ունեցող վարժարանը` ի սէր մեր պատուական անցեալին եւ յուսալից ապագային», ըսաւ Փարաքասեան:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: ՀՅԴ «Արշակ Ջամալեան» պատանեկան միութեան պատանիներն ու պարմանուհիները եւ Գոհար Կիւլֆեքճեան ներկայացուցին ասմունքներու շարք մը: Ազգային առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը ներկայացուց ազգային-հայրենասիրական երգերու շարք մը:
Խօսք առաւ ՀՅԴ «Բերդավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս օրուան հանդիսութեան յաջողութեան, մանաւանդ կամաւոր աշխատանք կատարողներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ առաջնորդ սրբազանին, որուն անդրանիկ այցելութիւնն էր դէպի Թրիփոլի` իր պաշտօնավարութեան ստանձնումէն ի վեր, եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որ ճիգ չի խնայեր ամէնօրեայ ձեւով տեղեակ մնալու Թրիփոլիի կացութեան եւ լուծումներ գտնելու առկայ հարցերուն:
ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի ատենապետ Էլիզ Չաթոյեան յայտարարեց, որ այս տարի կը զուգադիպի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 80-ամեակին: Ան հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան փոխատենապետ Ժանեթ Փոլատեանը, որ այս առիթով յատուկ յուշանուէր մը յանձնէ առաջնորդ սրբազանին:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ ըսաւ, թէ եթէ լաւ օրերուն Թրիփոլի պիտի գանք, ապա ամէն օր կու գանք, բայց ամէնէն կարեւորը այն է, որ դժուարութեան ժամանակ այս շրջանին կողքին ըլլանք: Այսօր ամբողջ շրջանը տագնապալի վիճակի մէջ է, սակայն Թրիփոլին աւելի մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ: «Սակայն հաւատացէ՛ք, ձեր դժուարութեան մէջ դուք մինակ չէք: Շրջանին մէջ մեր ընկերները արթուն են եւ կը հսկեն: Ինչպէս որ չենք ուզեր, որ վնաս հասնի Պուրճ Համուտի հայութեան, նոյնպէս ալ չենք ուզեր, որ վնաս հասնի Թրիփոլիի հայութեան: Վստա՛հ եղէք, որ պիտի չթոյլատրենք, որ ոչ մէկ հայու արիւն հոսի, վստա՛հ եղէք, մենք պիտի շարունակենք սպասարկել ձեզի: Եթէ այսօր օտարները յարգանքով կը մօտենան մեզի, ապա ասիկա այն պատճառով է, որ մենք տիպար քաղաքացիներ ենք, ո՛չ կը գողնանք, ո՛չ կը սպաննենք, ո՛չ ալ կ՛առեւանգենք, այդպէս ալ պիտի շարունակենք մնալ», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:
Հանդիպում` Միւֆթի Շաարի Հետ
Այնուհետեւ Շահէ եպս. Փանոսեան, երեսփոխան Բագրատունի եւ Թրիփոլիի հայութեան պատասխանատուները այցելեցին Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի: Միւֆթի Շաար ողջունեց առաջնորդ սրբազանին եւ երեսփոխան Բագրատունիի այցելութիւնը` նշելով, որ լիբանանցի հոգեւոր հեղինակութիւններուն հանդիպումը ապահովութեան երաշխիք է Լիբանանի եւ մանաւանդ Թրիփոլիի համար: «Փափաքս է, որ բոլոր հոգեւոր առաջնորդները, ինչ համայնքի ալ պատկանին անոնք, գան այստեղ եւ միասնաբար պտըտինք Թրիփոլիի փողոցներուն մէջ` ցոյց տալու համար շրջանի խաղաղասիրական եւ մարդկայնական բնոյթը: Մենք կ՛ուզենք, որ բոլոր կրօնական եւ ազգային իրադարձութիւններուն համախմբուինք, եւ ես յառաջիկային, արձակուրդէն ետք խոստացած եմ այցելել Թրիփոլիի հայկական դպրոց: Հայերուն նկատմամբ իմ սէրս կու գայ իմ հաւատքէս եւ Քուրանէն», ըսաւ միւֆթի Շաար:
Երեսփոխան Բագրատունի խօսք առնելով անդրադարձաւ 23 ապրիլին միւֆթիին կատարած իր այցելութեան` նշելով, որ այդ այցելութեան շնորհիւ հայ համայնքին մօտ միւֆթի Շաարի նկատմամբ յարգանքը մեծցած է: Բագրատունի նաեւ ընդգծեց, որ այդ հանդիպումին ընթացքին իրենք խօսած էին այն մասին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կրօնական հարց չէ, այլ մարդկային հարց է, որովհետեւ կրօնը չի սպաններ, հաւատացեալը չի սպաններ:
Միւֆթի Շաար անդրադարձաւ շրջանային իրադարձութիւններուն եւ մանաւանդ միջհամայնքային տագնապներուն` շեշտը դնելով երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ: Ան ըսաւ, որ կրօնները իրենց էութեամբ մէկ են, հակառակ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն, եւ Միջին Արեւելքը չի կրնար գոյատեւել առանց իր երկու թեւերուն` իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն:
Հանդիպումի աւարտին յայտարարութիւն կատարեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ իրեն համար առանձնաշնորհում եւ պատիւ էր միւֆթի Շաարին հետ հանդիպիլը: «Առաջնորդական պարտաւորութիւններս ստանձնելէ մէկուկէս տարի ետք է, որ կ՛ունենամ այս հանդիպումը: Բարեբախտաբար այս այցելութիւնս կը զուգադիպի խաղաղ ժամանակաշրջանի մը, որուն մէջ իր նպաստը ունեցած է միւֆթի Շաար: Յուսանք, որ կ՛ընդառաջենք միւֆթիին փափաքին եւ իրեն հետ կը պտըտինք Թրիփոլիի փողոցներուն մէջ», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:
Այցելութիւն` Նաեւ Միքաթիի Եւ Ռիֆիի
Առաջնորդ սրբազանը, երեսփոխան Բագրատունի եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին նաեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիին, որ նշեց, որ Թրիփոլին ուրախ է դիմաւորելով առաջնորդ սրբազանը: Այս քաղաքը համակեցութեան խորհրդանիշ է, ըսաւ Ռիֆի` նշելով, որ իրենք պատիւ ունին Թրիփոլիի մէջ ապրող հայ քաղաքացիներով: Ան խօսելով հայ մարդու յատկանիշներուն մասին` դրուատեց անոր աշխատասիրութիւնը:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտարարեց, որ ուզած են լաւ աւարտով եզրափակել Թրիփոլի այցելութեան այս երկար օրը, ատոր համար ալ այցելած են Ռիֆիին: Ան ըսաւ, որ իրենք պատիւ ունին Թրիփոլիի մէջ հայ լիբանանցի քաղաքացիներ ունենալով: Բագրատունի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ համակեցութեան մթնոլորտը պիտի շարունակուի, հակառակ անցնող շաբաթներուն ընթացքին տարածուած յայտարարութիւններուն: