Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էդուարդ Նալբանդեանի Պաշտօնական Այցելութիւնը Լիբանան

Մայիս 27, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-26-15_salam_nalbandianՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպում ունեցաւ իշխանութեան երկու պետերուն հետ, ինչպէս նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին հետ:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Նալբանդեանը, որուն ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրիի Մօտ

5-26-15_berri_nalbandianԽորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Նալբանդեանը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին աւարտին Պըրրի եւ Նալբանդեան փոխանակեցին յուշանուէրներ:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

5-26-15_basil_nalbandianՆալբանդեան Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ շեշտեց, որ այս տարի Հայաստան եւ Լիբանան միացեալ կերպով բաժնած են մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի յիշատակը, սկսեալ ջարդերէն, հասնելով մինչեւ տեղահանութեան եւ սովի ենթարկումը, որ գործուած էր հայոց եւ լիբանանցիներուն դէմ:

«Մենք կը բաժնենք տանջանքներով լեցուն անցեալ մը, հետեւաբար կը ձգտինք միացեալ ապագայի մը, որուն ընթացքին պիտի կարենանք դիմադրել ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական մտքին, որուն ենթարկուած էինք դար մը առաջ: Մենք կը փափաքինք մեր յարաբերութիւնները ամրապնդել, որպէսզի կարենանք միասնաբար պաշտպանել փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները եւ շարունակել շրջանին բազմազան քաղաքակրթութիւններով, կենցաղով եւ ազատութեամբ գոյատեւելու ընթացքը, որ իւրայատուկ է այս շրջանին», ըսաւ ան:

Պասիլ աւելցուց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան օրակարգով Ժընեւի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանի, Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Վատիկանի իրագործած առաքելութիւնները: «Մեզի համար յստակ էր, որ այդ աշխատանքը օգտակար է, եւ կը փափաքինք կրկնել այդ փորձառութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ մենք քննարկեցինք նաեւ հայկական սփիւռքին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ մեր դեսպանատուներուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները` օգտուիլ կարենալու համար սփիւռքին եւ արտերկրի լիբանանցիներուն ներուժէն եւ կարողութիւններէն», ըսաւ Պասիլ:

Ան շեշտեց, որ իրենց նպատակն է նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները բարելաւել, որպէսզի կարելի ըլլայ այս շրջանին մէջ միասին պայքարիլ ու գոյատեւել: «Մենք զաւակներն ենք բարի դատի մը, որ ի վերջոյ պիտի կարենայ տապալել չարը, որուն դէմ գոյութենական պայքար կը մղենք», աւելցուց ան:

Իր կարգին, Էդուարդ Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պասիլի, որ զինք հրաւիրած էր այցելելու Լիբանան, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին համար:

Նալբանդեան յայտնեց, որ իր եւ Պասիլի միջեւ վերջին հանդիպումը կատարուած է շուրջ ամիս մը առաջ` 23 ապրիլին, երբ Պասիլ ուղղուած էր Երեւան` մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին:

Ան ըսաւ, որ այս հանդիպումին իրենք շարունակած են լիբանանեան-հայկական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարներուն քննարկումը: «Մենք քննարկեցինք նաեւ երկու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն պարագային քաղաքական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները», ըսաւ ան:

Նալբանդեան ընդգծեց Միջին Արեւելքի միլիոնաւոր գաղթականներուն կարիքները հոգալու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց օրապահիկը ապահովելու կարեւորութիւնը: «Քննարկեցինք նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան համար Հայաստանի, Լիբանանի, Ռուսիոյ եւ Վատիկանի նախաձեռնութեամբ ՄԱԿ-ի մէջ անցեալ մարտին տեղի ունեցած բարձր մակարդակի հանդիպումին մանրամասնութիւնները, որոնց լոյսին տակ ընդգծեցինք այդ ուղղութեամբ կատարուելիք միացեալ աշխատանքին կարեւորութիւնը», ըսաւ Նալբանդեան:

Ան հաստատեց, որ անդրադարձած են նաեւ լիբանանահայութեան եւ անոր ունեցած մեծ դերակատարութեան` երկրին ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Նալբանդեան շեշտեց, որ ինք եւ Պասիլ լիբանանահայութեան մասին կը բաժնեն նոյն տեսակէտը, որուն համաձայն, լիբանանահայութիւնը կամուրջ մըն է երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ` ամրապնդելով անոնց բարեկամական յարաբերութիւնները:

Նալբանդեան աւելցուց, որ ինք Պասիլին ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման նպատակով:

Ան նշեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` նկատի ունենալով, որ այդ կազմակերպութեան նախարարները իրենց յաջորդ խորհրդաժողովը պիտի գումարեն Երեւանի մէջ` 2015-ի աշնան:

Նալբանդեան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ այս առիթէն օգտուելով` ինք լիբանանցի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է Հայաստան:

 

Նախորդը

Լիբանանի Արեւելեան Լեռնաշղթայ Հըզպալլա Իր Հակակշիռը Կը Բանեցնէ Լիբանանի Արեւելեան Լեռնաշղթայի Նոր Դիրքերուն Վրայ

Յաջորդը

Ակնարկ. Մօտակայ Ժամանակներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In