Ս. Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Հողի Օրհնութեան Արարողութեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան հանրային պարտէզին մէջ` պանթէոնին կից կառուցուելիք Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հողի օրհնութեան արարողութեան, ձեռամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատու ծառայութեան, եկեղեցւոյ կառուցման բարերարն է Ռուսիա բնակող Սամուէլ Կարապետեան, նախագիծի հեղինակը` ճարտարապետ Արտակ Ղուլեան: Սրբոց...



















