Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերահաստատէ Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանի Վերադարձին Պահանջը

Յունիս 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_sisՇուրջ երկու ամիսներ առաջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս, կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ճամբով, լայն բացատրութիւններ տուած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին մասին: Սոյն հաղորդագրութեամբ կարեւոր կը նկատենք անհրաժեշտ յստակեցումներ կատարել` 28 ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած նոյն դատին էութեան ու նպատակին վերաբերեալ:

Արդարեւ, յիշեալ դատը կը պահանջէ Սիսի կաթողիկոսարանին վերադարձը: Յայտնենք, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ կալուածներու վերատիրացման դատական դիմումնագիրներու պայմաններն ու պահանջները լրացնելու համար, Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին գծով մօտաւոր արժէք մը յիշուած է: Սակայն, դատին յստակ ու շեշտակի պահանջը Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին ՎԵՐԱԴԱՐՁՆ Է ԻՐ ԻՐԱՒԱՏԻՐՈՋ ԵՒ Ո՛Չ ԹԷ ԱՆՈՐ ՓՈԽԱՐԷՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայ իրաւական քայլին դիմելու շարժառիթը հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար Սիսի կաթողիկոսարանին ներկայացուցած պատմական եւ կրօնական նշանակութիւնն է, ինչպէս նաեւ անոր վերադարձին իւրայատուկ կարեւորութիւնը մեր պահանջատիրութեան շրջագիծին մէջ: Դատը իրաւական երկու հիմքեր ունի` ա) Կաթողիկոսարանին կալուածային իրաւունքի, եւ բ) Կաթողիկոսարանին կրօնական պաշտամունքի իրաւունքի վերահաստատումը: Կաթողիկոսարանին կալուածային սեփականութեան իրաւունքը, դարձեալ` թրքական օրէնքներուն համաձայն եւ իրաւական գործընթացներուն ծիրին մէջ, կրնայ հատուցման հարցեր յառաջացնել. սակայն, կրօնական պաշտամունքի իրաւունքը բոլորովին տարբեր խնդիր ըլլալով, կրնայ լուծում գտնել միայն Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածին վերադարձով: Սկզբունքային եւ իրաւական այս մօտեցումը բանակցելի չէ:

Արդ, եթէ թրքական դատարանը մերժէ ներկայ դատը եւ կամ թրքական կառավարութիւնը այլապէս չվերադարձնէ Սիսի կաթողիկոսարանին կալուածը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի բողոքէ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մօտ եւ իր իրաւունքները հետապնդէ միջազգային օրէնքներուն լոյսին տակ: Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանին մօտ դատ բանալու համար նախապայման է տեղական մակարդակի վրայ դատավարական բոլոր տեսակի գործընթացներն ու փորձերը սպառել:

Ներկայ դատական թղթածրարը բարդ եւ զգայուն խնդիրներ կը պարունակէ: Հետեւաբար, կարելի չէ բացայայտել դատին առնչուած բոլոր մանրամասնութիւնները այնքան ատեն որ դատական գործընթացը կը շարունակուի, որովհետեւ նման քայլ մը կրնայ դժուարութիւններ ստեղծել: Դատավարութեան ժամանակաշրջանին մամուլին կողմէ կատարուած անհիմն մեկնաբանութիւնները եւս չեն նպաստեր այս պատմական նախաձեռնութեան յաջող ընթացքին: Ինչպէս ակնարկեցինք, դատավարական ընթացքը բազմաթիւ խոչընդոտներ ու մարտահրաւէրներ կրնայ դիմագրաւել` նկատի ունենալով անոր պատմական, իրաւական ու քաղաքական ենթահողն ու հետեւանքները:

Կ’ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ դիմել իրաւական բոլոր կարելի միջոցներուն, վերատիրանալու Սիսի կաթողիկոսարանի իր կալուածին` իբրեւ առաջին հանգրուան եկեղեցապատկան ու ազգապատկան բոլոր կալուածներու իր պահանջին:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ
ԴԱՏԸ ՀԵՏԱՊՆԴՈՂ ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԿ

 

 

Նախորդը

Նալբանդեան Տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Երկիրներու Դեսպաններուն Եւ Գրասենեակի Ղեկավարին Հետ

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վստահեցուց, Որ Հայաստան – Իրան Երկաթուղին Պիտի Կառուցուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Մօտալուտ» Համաձայնագիրը

Մարտ 24, 2023
Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով  Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»
Գլխաւոր լուրեր

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Շուտով Կրնան Խաղաղութեան Համաձայնագիր Ստորագրել»

Մարտ 24, 2023
Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար  Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ  Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի  Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»
Գլխաւոր լուրեր

Քոլոնա. «Այս Կացութիւնը Այլեւս Չի Կրնար Շարունակուիլ, Ազատ Երթեւեկը Պէտք Է Անյապաղ Վերականգնուի Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մատակարարումը Աւելի Լաւ Երաշխաւորուի»

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In