Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բալուի Հայրենակցական Միութիւն. Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած Յարութիւն Խաչատուրեանի Ազգային Միութենական 60-Ամեայ Գործունէութեան

Յունիս 15, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-14--15_maral

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Բալուի հայրենակցական միութեան վարչութեան, երէկ` կիրակի, 14 յունիս 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն, նուիրուած` Յարութիւն Խաչատուրեանի ազգային, միութենական, մշակութային եւ եկեղեցանուէր 60-ամեայ ծառայութեան եւ վաստակին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Բալուի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ, օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան: Ան բարձր գնահատեց Յարութիւն Խաչատուրեանի ունեցած ներդրումը համայնքին մէջ եւ նկատել տուաւ, որ նման հանդիսութիւններ հպարտանք եւ գոհունակութիւն կը պատճառեն` աւելցնելով, որ նոր սերունդը օրինակ քաղելով նման երեւոյթներէ պէտք է շարունակէ նոյն առաքելութիւնը:

Բալուի հայրենակցական միութեան վարչութեան ատենապետ Սահակ Խաչատուրեան վեր առաւ մեծարեալին կատարած միութենական, ազգային, մշակութային եւ եկեղեցանուէր երկարամեայ գործունէութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի պատերազմին պատճառով տասնամեակներ շարունակ միութեան գործունէութեան դադարէն ետք, 2011-ին անոր վերակազմութեան աշխատանքին մէջ մեծ եղաւ մեծարեալին ներդրումը: Սահակ Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ  մեծարեալը եղած է հայոց լեզուի եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնի պահպանման ու գործածութեան ջերմեռանդ ջատագով մը եւ յօդուածներով հանդէս եկած է «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ` մղելով նոր սերունդը, որ գուրգուրայ մեր մայրենիին:

Այնուհետեւ գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Նժդեհ Պոտրումեան, որ մեկնաբանեց Սայեաթ Նովայի «Թամամ աշխարհ»  եւ Գուսան Աշոտի «Բարի հայրիկ» երգերը:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ հայ ազգը մինչեւ այսօր մնացած է պատնէշի վրայ եւ կը տոկայ, որովհետեւ անցնող սերունդները կամաւոր աշխատանքով, հաւատքի օրինակով կերտեցին այն, ինչ որ մենք ունինք: «Բալուն պարզ տեղանուն չէ եւ պէտք չէ ընդունիլ զայն իբրեւ անցեալի յիշատակ: Բալուն ներշնչող իրականութիւն է բոլոր անոնց համար, որոնք Բալուով կ՛արժեւորեն իրենց կեանքը եւ Բալուէն բերուած արժէքները կը փորձեն տեղադրել նոր սերունդի կեանքին մէջ», շեշտեց սրբազանը` աւելցնելով, որ վստահաբար մեծարեալ Յարութիւն Խաչատուրեանը այդ գիտակցութեամբ չընկրկեցաւ կեանքի պայմաններուն դիմաց եւ իր գործակիցներուն հետ որոշեց վերստին Բալուի հայրենակցական միութեան հովանիին տակ համախմբել բալուցիները, որպէսզի իրենց կեանքին օրինակով եւ իրենց արարքներով Բալուն ապրեցնեն: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ հայրենիքը չի մեռնիր. հայրենիքը միայն կը մահանայ այն ատեն, երբ մենք մեր կապը կը խզենք մեր անցեալին հետ եւ կը մոռնանք զայն` աւելցնելով, որ երբ հայրենական յուշերով եւ արժէքներով կը վարենք մեր կեանքը եւ մեր օրինակին նայելով գործի կը լծենք մեզի յաջորդող սերունդները, հայրենիքը կ՛ապրի, կը գոյատեւէ, կը ստեղծագործէ եւ դէպի յառաջ կ՛առաջնորդէ: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շնորհակալական խօսք ուղղեց մեծարեալին` իր վաստակին համար, եւ գնահատեց Բալուի հայրենակցական միութեան վարչութեան սոյն նախաձեռնութիւնը` մաղթելով, որ միւս հայրենակցական միութիւնները եւս վարակուին այս երեւոյթէն եւ իրենք ալ իրենց կարգին պատիւ ու յարգանք ընծայեն իրենց միութեան շրջագիծին մէջ մեր ազգի բարօրութեան համար ծառայող բոլոր հայորդիներուն:

Այնուհետեւ սրբազան հօր ձեռամբ վարչութեան կողմէ շնորհակալագիր եւ յուշատախտակ յանձնուեցաւ Յարութիւն Խաչատուրեանին:

Աւարտին խօսք առաւ մեծարեալը, որ յուզուած` երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին եւ Բալուի հայրենակցական միութեան վարչութեան բոլոր անդամներուն, որոնք նման ձեռնարկով մը պատուեցին զինք: Ան յայտնեց, որ իրեն համար եղած մեծարանքի սոյն հանդիսութիւնը զինք պարտաւորութեան դիմաց կը դնէ շարունակելու եւ իր ներդրումը բերելու միութեան վերելքի աշխատանքին:

Նախորդը

Թուրքիոյ Դէմ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայցին Հաւանական Հետեւանքները

Յաջորդը

«Անի Պէզիքեան» Կեդրոնի Բացում` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Պքէրքէի Մէջ Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Ռայի Պատրիարքին Միջեւ

Մարտ 23, 2023
Այլազան

Մարտ 23, 2023
ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Մարդասիրական Հետեւանքներու Վերաբերեալ Բանաձեւ
Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ի Համազեկուցողները Պաքուին Կոչ Ուղղած Են Թոյլատրելու Փաստահաւաք Խումբ Ուղարկել Արցախ

Մարտ 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In