Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆաթիմայի Տիրամայրը` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

June 16, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_zmmar-1

Միջին Արեւելքի ճգնաժամի բեկումնային այս օրերուն, 12 յունիսէն սկեալ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը շրջեցաւ Լիբանանի պատմամշակութային սրբավայրէ մը մէկ այլ սրբատեղի: Ան իր հրաշագործի մենաշնորհով ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ բարոյալքուած, յուսահատ ժողովուրդին:

Երկուշաբթի, 15 յունիս 2015-ին, ականատես եղանք Զմմառու մայրավանք հասած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Ֆաթիմայի Տիրամօր, որով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Զմմառ կատարուող ուխտագնացութիւններուն առաւել թափ եւ յաւելեալ աշխուժութիւն շնորհուեցաւ:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Հարիսայի Տիրամայր Լիբանանի մայր եկեղեցիէն Զմմառ հասաւ Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանի կրկնօրինակը, որ դիմաւորուեցաւ Զմմառու կղերի միաբանութեան վարչական հայրերու, հայ կաթողիկէ կղերից դասի, այլազան յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան կողմէ, որոնք աղօթքներու շշունջով յառաջացան Զմմառու շրջափակին մէջ տեղադրուած խորանին մօտ եւ արձանը զետեղեցին այդտեղ:

6-15-15_zmmar-2

Ժամը 4:30-ին ընթացք առած արարողութիւնը կատարուեցաւ հայերէնով եւ արաբերէնով:

Պատարագը մատուցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան ու Պէյրութի պատրիարքական թեմի պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեան` առընթերակայութեամբ Զմմառեան միաբանութեան երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ` հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանի եւ Զմմառու վանքի ընդհանուր քարտուղար եւ դիւանապետ հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանի:

Խորանին սպասաւորեցին դպրեվանքին սաները, երգեցողութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Արծիւեան» երգչախումբին ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի:

Մեծաւոր հայրը արաբերէնով արտասանած քարոզին մէջ ներկայացուց հրաշագործ Տիրամօր երեւումը այլազան վայրերու մէջ, որոնց շարքին Փորթուգալի Ֆաթիմայի ոդիսականը մասնաւորելով ըսաւ. «13 մայիսի  1917-ին Փորթուգալի Ֆաթիմա գիւղին մէջ երեք երեխաներու յայտնուած Տիրամայրը, զիրենք եւ մեզի մղեց յարատեւ աղօթելու եւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւն կատարելու»: Հայր Մուրատեան սոյն տեսիլքին առնչութեամբ Տիրամօր բացայայտած գաղտնիքին անդրադառնալով ըսաւ. «Տիրամայրը երեխաներուն զգուշացուց հետագային արձանագրուելիք երեք մեծ աղէտներէն, որոնցմէ երկուքը տեղի ունեցան, ինչպէս` Համաշխարհային Բ. պատերազմը եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. քահանայապետի դէմ ահաբեկչութիւնը` թուրք ոճրագործ Ալի Աղճայի ձեռամբ»: Մեծաւոր հայրը Հայոց ցեղասպանութեան ձգած տաժանելի հետքերուն եւ անոր հետեւանքով աշխարհով մէկ սփռուած հայուն ապրելու եւ արարելու ներուժը կապեց հայուն տոկուն հաւատքին, «որով հայը յաղթահարեց իր առջեւ ցցուած բոլոր խոչընդոտները, այսպիսով բոլորեց 100-ամեակը Հայոց ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան ձեռամբ զոհուեցան ազգիս մէկուկէս միլիոն զաւակները, մտաւորականութիւնը, հոգեւորականութիւնը եւ մշակութային կոտորած իրագործուեցաւ, սակայն շնորհիւ մեր աննկուն կամքին մենք պիտի դիմակալենք 100-ամեակներ եւս»: Գերապայծառ Մուրատեան ներկաներուն յուշեց, թէ թուրքը միեւնոյն սահմռկեցուցիչ ոճիրները իրագործեց լիբանանցի ժողովուրդին դէմ եւս:

Մեծաւոր հայրը Տիրամայր Ֆաթիմայի եւ Տիրամայր Զմմառու առջեւ ուխտը վերանորոգելով եզրափակեց խօսքը:

Արարողութեան ընթացքին Զմմառեան ուխտէն հինգ ժառանգաւորներ` Արարատ Աղաճանեան, Պասիլ Վարդան ՃալլուՖ, Ժիւլիան Լեւոն Ստեֆան, Սերժ Քէշիշեան եւ Յակոբ Կրպոյեան մեծաւոր հօր տուին իրենց միաբանական ուխտը:

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին Ֆաթիմայի Տիրամօր արձանը բարձր պահելով թափօրը շրջելէ ետք թաղերը ուղղուեցաւ գիւղի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր մեծաւոր հայրը Տիրամօր սրբապատկերով իր վերջին օրհնութիւնը բաշխեց հաւատացեալ ժողովուրդին:

Նախորդը

1920 Թ. Ապրիլի 23. Քրիստոնեաների Գերեզմանոցի Վրայ Ստեղծուած` Ցեղասպանների Խորհրդարանը

Յաջորդը

«Գայթակղութիւն Պաքուի Մէջ` . Փութին-Էրտողան Հանդիպումէն Առաջ» Կը Գրէ «Քոմերսանթ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.