Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Երեսփոխան Քանաանէն Ստանձնեց Միացեալ Նպատակներու Յայտարարութիւնը

Յունիս 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-11-15_kanaan_eng_hagop

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որմէ ստացան Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն վաւերացուցած Միացեալ նպատակներու յայտարարութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած կարեւորագոյն նիւթը Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած միացեալ նպատակներու փաստաթուղթն էր: «ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը եղած են ներլիբանանեան որեւէ երկխօսութեան հիմնական զօրակիցը, ըլլայ ան միջքրիստոնէական, միջիսլամական, թէ իսլամական-քրիստոնէական երկխօսութիւն կամ լիբանանեան քաղաքական ուժերու միջեւ երկխօսութիւն:

«Իսկ այս երկխօսութեան կարեւորութեան գիտակցելով` մենք եղած ենք առաջիններէն, որ քաջալերած ենք զայն ու զօրակցած անոր` նկատի ունենալով մեր համոզումները, թէ ներքին լիբանանեան որեւէ հարց միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել: Հետեւաբար երկխօսութիւնն է միակ միջոցը լիբանանեան հարցերուն լուծման: Հսկայ ջանքեր ի գործ դրուած են այդ երկխօսութեան կայացման նպատակով եւ անիկա այսօր ստեղծած է տեղեկատուական, բարոյական եւ գործնական խաղաղութիւն մը», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Քանաան յայտնեց, որ ինք ուրախ կը զգայ ՀՅԴ-ի կեդրոնատեղիին տուած իր այցելութեամբ` նշելով, որ ինք յանձնած է Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած Միացեալ նպատակներու յայտարարութիւնը:

«Մենք եւ ՀՅԴ-ն մաս կը կազմենք երեսփոխանական նոյն համախմբումին եւ ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք բնաւ չենք զգացած` նախքան դաշնակիցներ ըլլալը եւ հիմա երբ դաշնակիցներ ենք, թէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը լիբանանեան կամ միջքրիստոնէական մտահոգութիւններէն հեռու եղած է: Մենք օր մը օրանց չենք զգացած, որ ՀՅԴ-ն ունեցած է այլ դերակատարութիւն, բացի համախոհութեան եւ հասարակ յայտարարներ գտնելու մղիչ ուժ ըլլալէ: Այսօր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչէն լսած կեցուածքներս շատ կարեւոր կը նկատեմ, այդ կեցուածքները քաջալեր կը հանդիսանան, որ լիբանանցիները` ընդհանրապէս, իսկ քրիստոնեաները յատկապէս, իրենց միջեւ գտնուող հասարակ յայտարարներուն ընդմէջէն ուղղուին դէպի Լիբանանի պաշտպանութիւն: Կ՛ուզենք հաստատել, որ այս համաձայնութիւնը նոր խմբաւորում մը չէ, իսկ ո՛վ որ այդ մէկը քաղաքական նոր խմբաւորում կը նկատէ, չարաչար կը սխալի: Այս յայտարարութիւնը փոխըմբռնումի բնորդ մըն է, որ պէտք է ընդհանրացնել բոլորին, յատկապէս քրիստոնեաներուն մօտ. այս է մեր նպատակը», ըսաւ Քանաան:

Ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ին կատարած իր այցելութիւնը զիրենք պիտի մղէ ամբողջացնելու կիսատ քայլերը եւ ճիգ չխնայելու զանոնք գործադրելու համար նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան պարագային, ինչպէս նաեւ շարք մը մակարդակներու վրայ` հիմնուելով ՀՅԴ-ի հետ մեր բաժնած միացեալ նպատակներուն վրայ:

Քանաան փափաք յայտնեց, որ Միացեալ նպատակներու փաստաթուղթին սկզբունքները բաժնեն նոյն տեսակէտը ունեցող բոլոր կուսակցութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան այն կուսակցութիւններուն հետ, որոնք պէտք է լուրջ, սահմանադրական եւ օրինական մօտեցումներ մշակեն` ամբողջացնել կարենալու համար լիբանանեան պետութեան անհրաժեշտ սահմանադրական հոլովոյթները:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի Գրասենեակի Նոր Ղեկավարը

Յաջորդը

Աղջկանց Աշխարհի Մոնտիալ. Մարթա` Լաւագոյն Ռմբարկուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?