ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային ծառայութիւններու համակարգումի յանձնախումբի շէնքին մօտ այսօր առաւօտեան կը կատարեն բողոքի ցոյց մը` ընդդէմ ելեկտրականութեան հոսանքի սակի անհիմն բարձրացման:
«Կոչ կ՛ուղղենք Հայաստանի քաղաքացիներուն` միանալու մեր բողոքի շարժումին` պահանջելու վերոնշեալ յանձնախումբէն քաղաքական ճնշումներու ներքեւ չտալու որոշում, որուն անդառնալի հետեւանքները պիտի անդամալուծեն արդէն իսկ վիրաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիին կենցաղը», նշուած է ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան հրապարակած կոչին մէջ:


