Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վստահեցուց, Որ Հայաստան – Իրան Երկաթուղին Պիտի Կառուցուի

June 16, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-15-15_iranԱզգային ժողովին մէջ երէկ քննարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ստորագրած` Խըրխըզիստանի կողմէ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրին Հայաստանի կողմէ վաւերացման հարցը:

Հիմնական զեկուցող` միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարարի առաջին տեղակալ Սուրէն Կարայեանին հարցում  ուղղեց Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեան:  «Հայաստան մինչեւ  հիմա Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ ըլլալով, ի՞նչ օգուտներ ստացած է: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք  Հայաստան-Իրան երկաթուղիին վերաբերեալ ռուսական դիրքորոշումը, որովհետեւ եթէ մենք կ՛ուզենք համարկուիլ որեւէ տնտեսական տարածքի, ինչո՞ւ Ռուսիա այսպիսի կարծր դրսեւորումներով հանդէս կու գայ», հարցուց ան:

Սուրէն Կարայեան նշեց, որ ատիկա ոչ թէ Ռուսիոյ դիրքորոշումն է, այլ սեփական ընկերութեան ղեկավարին: Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ կապուած խնդիրներուն, ըստ փոխնախարարին, Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրները արդէն համաձայնութիւն տուած են, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ Իրանի համարկումը արագօրէն զարգանայ, եւ  մօտիկ ապագային կը սկսին բանակցութիւններ Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ:

Զարուհի Փոստանջեան առարկեց` ըսելով, որ խօսքը ոչ թէ սեփական ընկերութեան դիրքորոշման մասին է, այլ այդ ընկերութիւնը յստակ շահ կը հետապնդէ, ատիկա ռուսական դրամագլուխով ռուսական շահ հետապնդող ընկերութիւն է, ուրեմն այդ ընկերութիւնը կ՛իրականացնէ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը, որ կ՛ընէ ամէն ինչ, որպէսզի Հայաստան չկարենայ դուրս գալ շրջափակումէն:

Սուրէն Կարայեան վստահեցուց, որ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի խնդիրը Հայաստանի որոշելիք հարցն է: Երկաթուղին պիտի կառուցուի, արդէն աշխատանքներ սկսած են: Ըստ անոր, Իրանի հետ Եւրասիական տնտեսական միութեան տնտեսական համագործակցութիւնը միայն ու միայն կը նպաստէ Հայաստան-Իրան երկաթուղիի կառուցման:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերահաստատէ Սիսի Պատմական Կաթողիկոսարանի Վերադարձին Պահանջը

Յաջորդը

Փութին Եւ Ալիեւ «Շօշափած» Են Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Նիւթը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.