Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Ամերիկահայ Բարերար Գըրգ Գըրգորեան

June 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-16-15_krikorianԵրկուշաբթի երեկոյեան մահացաւ ամերիկահայ գործարար, բարերար, Հայաստանի ազգային հերոս Գըրգ Գըրգորեան: Այս մասին հաղորդեցին համաշխարհային զանազան լրատուամիջոցներ:

Գըրգորեան, որ նիւթական մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Հայաստանին, 98 տարեկան էր:

Գըրգորեան «Ֆորպս»-ի գնահատականով աշխարհի 393-րդ ամէնէն հարուստ մարդն էր, որուն կարողութիւնը կը գնահատուի 4 միլիառ տոլարով:

Գըրգ Գըրգորեան (Գրիգոր Ահարոն Գրիգորեան) ծնած է 1917  թուականին, 19-րդ դարու աւարտին Խարբերդէն Ֆրեզնօ գաղթած Ահարոն Գրիգորեանի ընտանիքին մէջ: Մինչեւ 1935 թուականը կատարած է զանազան աշխատանքներ, եղած է արհեստավարժ բռնցքամարտիկ: Այնուհետեւ ուսանած է օդաչուական դպրոցին մէջ, դարձած է օդաչու-հրահանգիչ: Իբրեւ ռազմաօդային ուժերու օդաչուին մէջ մասնակցած է Համաշխարհային Բ. պատերազմին, որուն աւարտէն ետք զբաղած է օդանաւերու բաժնեթուղթերու առեւտուրով (1947-ին գնած է «Լոս Անճելըս Էր Սըրվիս» փոքրիկ օդանաւային ընկերութիւնը), ինչպէս նաեւ պանդոկներու աշխատանքով: Կառուցած է Լաս Վեկասի «Ֆլամենկօ», «Էմ Ճի Կրանտ» եւ այլ մեծ պանդոկներ: 1968-էն սկսեալ զբաղած է շարժապատկերի արտադրութեամբ, «Մեթրօ Կոլտուին Մայըր» եւ «Եունայթըտ Արթիսթս» շարժապատկերի ստիւտիոներու, «էմ.Ճի.Էմ Միրաժ» ընկերութեան  հիմնադիր բաժնետէրն է: Եղած է «Քրայսլըր Քորփորէյշըն»-ի բաժնետէր:

Սպիտակի երկրաշարժէն ետք եւ շրջափակման տարիներուն Գըրգորեան մեծապէս օգնած է Հայաստանին ու Արցախին: Անոր հիմնադրած «Լինսի» հիմնադրամը 2001-էն ի վեր 151 միլիոն տոլար տրամադրած է Հայաստանին` ճամբաներու, մշակութային հաստատութիւններու վերանորոգման, աղէտի գօտիի բնակարանաշինարարութեան, եւ 21 միլիոն տոլար` Հայաստանի մէջ փոքր եւ միջին ձեռներէցութեան զարգացման համար:

2004 թուականին հայրենիքին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար անոր շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն` Հայաստանի ազգային հերոսի կոչում:

 

 

 

Նախորդը

«Կիւլ Հայաստան Մեկնած Է` Հակառակ Անոր Որ Էրտողանն Ու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Դէմ Էին» Գրած Է Կիւլի Խորհրդականը

Յաջորդը

Մինասեան. «Ելեկտրականութեան Սակը Առաւելագոյնը 30 Դրամ Պէտք Է Ըլլայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 19, 2026
Նախագահութեամբ Ազգային  Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի.  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան»  Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահութեամբ Ազգային Բարերար Ալեքքօ Պէզիքեանի. ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ա. «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Հանդիսաւոր Բացում

October 19, 2026
Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի  Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով
Գաղութային

Հանդիսաւոր Ճաշկերոյթ` «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.