Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Եւրոպական Խորհուրդի Գրասենեակի Նոր Ղեկավարը

Յունիս 12, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-11-15_nor-126Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակի նոր նշանակուած ղեկավար Նաթալիա Վութովան:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց Վութովան` Հայաստանի մէջ գործունէութիւնը սկսելու կապակցութեամբ եւ մաղթեց յաջողութիւն: Ընդգծելով Եւրոպական խորհուրդի կարեւոր եւ ուրոյն տեղը Եւրոպայի ընդհանուր ճարտարապետութեան մէջ` Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիր, հետաքրքրուած է Եւրոպական խորհուրդի բոլոր կառոյցներուն հետ համագործակցութեամբ:

Ըստ նախագահին, Եւրոպական խորհուրդի չափանիշները` մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան մարզերուն մէջ, Հայաստանի համար լաւ ուղենիշներ են, եւ մեր երկիրը հասած է որոշ արդիւնքներու` իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ եւ իբրեւ այդ անդամակցութեամբ պարտաւորութիւններ ունեցող պետութիւն, որ կը փորձէ կատարել ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ Հայաստանը` իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիր, աշխուժ մասնակցութիւն ունի կազմակերպութեան աշխատանքներուն բոլոր մակարդակներուն վրայ:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատեց Եւրոպական խորհուրդի աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող ժողովրդավարական բարեփոխումներուն եւ ներկայացուց շարք մը ուղղութիւններով երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքը` անդրադառնալով նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովին հետ սերտ համագործակցութեամբ իրականացուող Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին: Նաթալիա Վութովա ընդգծեց, որ Եւրոպական խորհուրդը կ՛աջակցի Հայաստանին` երկրին մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման ճամբուն վրայ: Ան գոհունակութեամբ խօսեցաւ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու խորհուրդի նախագահութեան մէջ 2013 թուականին Հայաստանի նախագահութեան մասին` ընդգծելով, որ վեցամսեայ ժամկէտի մէջ բարձր մակարդակով եւ պատուով իրականացուած Հայաստանի առաքելութիւնը, սահմանուած գերակայութիւնները Եւրոպական խորհուրդի մէջ արժանացած են նաեւ կազմակերպութեան ղեկավարութեան դրական գնահատականներուն: Ըստ անոր, յաջողութեամբ իրականացուած այդ նախագահութիւնը կը մնայ Եւրոպական խորհուրդի պատմութեան մէջ:

Նաթալիա Վութովա յոյս յայտնեց, որ նկատի առնելով Եւրոպական խորհուրդի հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ ցարդ Հայաստան-Եւրոպական խորհուրդ գործողութիւններու ծրագիրի իրականացման ընթացքին արձանագրուած դրական արդիւնքները, Եւրոպական խորհուրդի գործողութիւններու նոր ծրագիրը եւս նոյնպիսի յաջողութեամբ իրականացուի:

Նախորդը

Նալբանդեան. «Ղարաբաղեան Հարցի Մասին Զեկուցում Պատրաստելու Եխխվ-Ի Որոշումը Կրնայ Վնասել Բանակցային Հոլովոյթին»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Երեսփոխան Քանաանէն Ստանձնեց Միացեալ Նպատակներու Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?