Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Ելեկտրականութեան Հոսանքի Նոյնիսկ Մէկ Դրամի Յաւելումը Արդարացած Չէ»

Յունիս 15, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-14-15_ArdzvigԱզգային ժողովի տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբին մէջ տեղի կ՛ունենան խորհրդարանական լսումներ ելեկտրականութեան հոսանքի սակերը վերատեսութեան ենթարկելու  հիմնաւորումին վերաբերեալ:

Անդրադառնալով հարցին` ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան պնդեց, որ մենաշնորհային դիրք ունեցող կառոյցներու մասով քաղաքականութիւնը պէտք է փոխուի` ընդգծելով, որ «այդպէս կարելի չէ յառաջանալ»: Խօսելով իրենց ակնկալութիւններուն մասին` Մինասեան ըսաւ, որ կ՛ուզեն ստանալ քանի մը հարցումներու պատասխաններ:

«Առաջին ակնկալութիւնը այն է, որ մենք ընդհանրապէս  համակարգի վիճակին վերաբերեալ որոշ տեղեկութիւն կրնանք ստանալ: Երկրորդը` այն հարցադրումները, որոնք կ՛ըլլան հարցում-պատասխանի ժամանակ, հանրութիւնը տեղեակ կը պահեն, թէ ի՛նչ կը կատարուի, եւ այն կասկածներն ու այն համոզումը, որ ձեւաւորուած է հանրութեան եւ մասնագիտական շրջանակներուն մէջ, նաեւ անոնց վերաբերեալ պատասխաններ տրուեցան: Ինչպէս նաեւ` մեր պնդումները, որ համակարգը, քանի տակաւին անկախ միջազգային քննութեան չէ ենթարկուած` թեքնիք, արհեստագիտական, ելեւմտական, տնտեսական մասերով, մենք ոչ մէկ  բարձրացման մասին կրնանք խօսիլ: Եւ բացի ատկէ, մենաշնորհային դիրք ունեցող կառոյցներու  նկատմամբ պէտք է կիրարկելի ըլլան բոլոր այն չափանիշները, որոնք մենք կը պահանջենք պետական մարմիններուն համար», ըսաւ  ՀՅԴ-ի պատգամաւորը:

Մինասեան նշեց. «Իմ կարծիքովս, սակի ո՛չ 17, ո՛չ ալ 7 դրամով բարձրացումը այս պահուն արդարացած է, որովհետեւ ատիկա կը բերէ բացասական այնպիսի դրսեւորումներ, որոնք ե՛ւ երկրին տնտեսութիւնը, ե՛ւ քաղաքացիներուն կենսամակարդակը կտրուկ կերպով կը նուազեցնեն, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ մեր տնտեսութիւնը կրնայ վերջնականապէս գահավիժիլ»:

Ըստ Մինասեանի, նախ պէտք է գործ ունենանք ոչ թէ այս կամ այն սեփական կառոյցի ներկայացուցիչին հետ, այլ մենք մեր կառավարութեան եւ հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբին հետ, որովհետեւ խորհրդարանը պէտք է քննարկէ վարուող պետական քաղաքականութիւնը, եւ ատոր լոյսին տակ նոր պահանջներ պէտք է դրուին. «Իսկ սեփական կառոյցի ներկայացուցիչները պէտք են այնքանով, որպէսզի տեղեկութիւն փոխանակուի»:

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Առնչուող Հարցով Տուն Կանչուած Դեսպանները Պիտի Չվերադառնան

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Հայ Քաղաքացիները Երկրին Մէկ Մասն Են Եւ Առանց Անոնց Թուրքիան Պիտի Ըլլար Կիսատ» Կ՛ըսէ Առընչ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?