Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Յուլիս 21, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-20-15_Minsk-Co-Chair

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

«Զրուցակիցները քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանի մտահոգութիւններն ու հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր», կը յայտնէ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Ուորլիք. «Հայաստան Տարածքներ Պիտի Չվերադարձնէ`
Առանց Անվտանգութեան Երաշխիքներու»

«Ղարաբաղեան տագնապի համապարփակ լուծում չի կրնար ըլլալ, եթէ ատոր  ներառուած չէ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը», ըսաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք, լրագրողներուն հետ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին:

Ան աւելցուց. «Համապարփակ լուծումը կը ներառէ նաեւ կարգավիճակի հարցը, եւ այդ նպատակով անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի  կամքի ազատ արտայայտութիւնը` իբրեւ այդ համապարփակ լուծման մէկ մաս: Չեմ կեդրոնացած միայն տարածքներու վերադարձի հարցին ուղղութեամբ: Ատիկա համապարփակ լուծման տարրերէն մէկն է: Համապարփակ լուծումը կը նշանակէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքները պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ, բայց ասիկա միակ տարրը չէ: Ըսի, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը նոյնպէս պէտք է լուծման կեդրոնին մէջ ըլլայ, որպէսզի համապարփակ լուծում ըլլայ: Այլ հարցերը նոյնպէս` տեղահանումներ, անվտանգութեան երաշխիքներ, ասոնք բոլորը համապարփակ լուծման տարրերէն են: Նաեւ կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ տագնապի բոլոր կողմերը պէտք է ուժ չկիրարկելու պարտաւորութիւն ստանձնեն: Մենք պէտք է կնքենք իրական խաղաղութիւն, եթէ ատիկա պիտի ըլլայ համապարփակ լուծում: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կանոնաւոր կերպով կ՛այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ եւ երբ կը մեկնինք` կը հանդիպինք Ստեփանակերտի փաստացի իշխանութիւններուն հետ, եւ անոնց ձայնը պէտք է տեղ գտնէ համապարփակ լուծման մէջ»:

Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահը փոխանցեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի յստակեցման նպատակով հաւանական հանրաքուէի կազմակերպման թուականները եւ  խաղաղապահներու հաւանական տեղակայման վայրերը պէտք է յստակեցուին բանակցութիւններուն ընթացքին:

ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահը երէկ անգամ մը եւս ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարեց. «Յստակ է, որ Հայաստան չի պատրաստուիր տարածք վերադարձնել` առանց անվտանգութեան համապատասխան երաշխիքներու: Ուստի, նշեմ ավտանգութեան երաշխիքներու մասին, ներառեալ` միջազգային խաղաղապահ ուժերու»:

Ուորլիք նաեւ ըսաւ, որ երէկ տեսակցած է  տեղահանուածներու շահերը ներկայացնող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ` նշելով, որ տեղահանուածներու վերադարձի հարցը տագնապի խաղաղ լուծման ամէնէն կարեւոր եւ ամէնէն բարդ խնդիրներէն է:

«Տեղահանուածներու վերաբնակեցման հարցերը բանակցութիւններու սեղանին վրայ է: Ասիկա շատ բարդ խնդիր է, եւ ես ուրախ կ՛ըլլամ, եթէ մեր բանակցութիւններուն ծիրին մէջ սկսի այս հարցերու լուծման տանող հոլովոյթ», ըսաւ Ուորլիք` խուսափելով ուղղակի պատասխանելէ լրագրողի մը այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի լուծուի ներկայիս Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող տարածքներէն  տեղահանուած հայերու վերաբնակեցման հարցը:

 

 

Նախորդը

Թուսք. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Ամրապնդելու Գործակցութիւնը Հայաստանի Հետ»

Յաջորդը

Իրանի Դեսպան. «Հետամուտ Պիտի Ըլլանք Հասան Ռուհանիի` Հայաստան Այցելութեան»

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?