Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջրազուրկ Հալէպը` Մարդկային Աղէտի Դէմ Յանդիման

July 23, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

FotorCreated21Պատերազմի մէջ գտնուող Հալէպը կանգնած է մարդկային աղէտի մը դէմ յանդիման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Նայիրա Բուլղադարեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան: Ըստ անոր, նախագահ Պաշշար Ասատի դէմ ապստամբած զինեալները գրաւած են հիմնական ջրամատակարար ընկերութիւնը եւ քաղաքը զրկած ջուրէն:

«Երեք շաբաթ է, որ հալէպցիներուն ըմպելի ջուր չի մատակարարուիր», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան եւ ապստամբ զինեալներուն միջեւ բանակցութիւններուն շնորհիւ վերջիններս ընդամէնը քանի մը օրով վերահաստատած են ջրամատակարարումը, բայց կարճ ժամանակ անց դարձեալ փակած են ծորակները:

Իբրեւ «աղէտալի» բնորոշելով առանց ջուրի մնացած Հալէպին վիճակը` Պողիկեան դիտել  տուած է, թէ կացութիւնը առաւել անտանելի կը դառնայ ամրան տաքին պատճառով:

«Քանի մը օր ջուր տուին, պետութիւնը կը փորձէ համագործակցիլ զինեալներուն հետ, անոնց վառելանիւթ կը տրամադրէ, որպէսզի փոխարէնը ջուր տան: Հալէպցիները այժմ ստիպուած են ջուր գնել տարբեր շրջաններէ Հալէպ հասցնող ընկերութիւններէն, իսկ գործածութեան համար կ՛օգտագործեն իշխանութեան նախաձեռնութեամբ փորուած հորերուն ջուրը», նշած է Զարմիկ Պողիկեան` յայտնելով, որ թէեւ ներկայիս համաճարակ չկայ, սակայն այդ վտանգը առկայ է:

Նախորդ չորս տարիներուն իշխանութիւնները մնայուն կերպով բանակցած են զինեալներուն հետ պատերազմէն աւերուած Հալէպի ջրամատակարարման վերականգնման հարցով: «Գանձասար»-ի խմբագիրին համաձայն, զինեալներուն հետ բանակցութիւններուն ու նոր հորեր փորելուն զուգահեռ, իշխանութիւնը մտադիր է խորհրդարանին մէջ քննարկման առարկայ դարձնել ըմպելի ջուրի խնդիրը: «Շատեր չեն դիմանար ստեղծուած իրավիճակին ու կարելիութեան պարագային կ՛ուզեն դուրս ելլել քաղաքէն, ներկայիս ամէն ձեւով անտանելի է կեանքը արդէն, իսկ այս բոլորին վրայ հիմա ստիպուած ենք ջուր գնել: Ահաւոր տաք է Հալէպի մէջ, շատ դժուար է այս պայմաններուն մէջ ապրիլը, իսկապէս մարդկային աղէտ է», նշած է Զարմիկ Պողիկեան:

Ջուրի տագնապէն բացի, Հալէպի մէջ վաղուց արդէն կայ նաեւ ելեկտրականութեան հարց: Սուրիահայ լրագրողին համաձայն, զինեալ բախումներէն վնասուած է քաղաքին ելեկտրական ցանցը: Իշխանութիւնները ներկայիս կը զբաղին անոր նորոգման աշխատանքներով:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար, սուրիահայերու հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեան «Ազատութեան» յայտնած է, որ նախորդ երկու ամիսներուն Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած է 500 հոգի: Նախապէս զինեալներուն վերահսկողութեան տակ գտնուող Լիբանան տանող ճամբան ներկայիս համեմատաբար աւելի տանելի է, Հալէպէն դուրս գալ ուզողները ցամաքի ճամբով կ՛ուղղուին Լիբանան, հոնկէ` Երեւան, տեղեկացուցած է Զաքարեան:

Նախորդը

Մամլոյ 105-րդ Լսարան. Սօսի Գեւոնեան Ներկայացուց Արշալոյս Մարտիկանեանի (Օրօրա Մարտիկեան) Կեանքն Ու Անոր Մասին Խօսող Ժապաւէնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.