Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի Լիբանանի Անդրանիկ Ճամբարի Մասնակիցներու Ծանօթացման Հանդիպում

July 21, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-20-15_wiki-213-12 օգոստոս 2015-ին Զմմառի «Հայր Շելհուպի տուն» կեդրոնին մէջ հովանաւորութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնադրամին տեղի պիտի ունենայ «Ուիքիփետիա Հայաստան»-ի Լիբանանի անդրանիկ ճամբարը, որուն նպատակն է պատրաստել «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի նոր աշխատակիցներ: Ճամբարին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն լիբանանահայ երկրորդական 11 վարժարաններէ 46 աշակերտներ: Ճամբարին Հայաստանէն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանին:

Այս առիթով, ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճամբարի մասնակից աշակերտներու ծանօթացման հանդիպումը, որուն ընթացքին առաջին խօսքը արտասանեց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»-ի լեզուական պատասխանատու դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան: Ան ներկայացուց արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա» ստեղծելու կարեւորութիւնը արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման շրջագիծին մէջ:

Իւրնէշլեան հաստատեց, որ ճամբարին մասնակից աշակերտները ունին մեծ պատասխանատուութիւն, որուն իրականացման համար պէտք է հետեւին համապատասխան մարզումի: Արմէն Իւրնէշլեան յոյս յատնեց, որ աշակերտները լրջութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

Ապա խօսք առաւ «Ուքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան Լիբանանի համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ ներկայացուց «Ուիքի ճամբար»-ին յայտագիրը, օրէնքները, աշխատանքները եւ համապատասխան մանրամասնութիւնները: Տեմիրճեան շեշտեց, որ ճամբարը առիթ մըն է ուրախ, առողջ եւ հաճելի պայմաններու մէջ սորվելու «Ուիքիփետիա»-ն գործածելու եղանակները եւ այդ գիտելիքները հետագային տարածելու վարժարաններուն մէջ:

Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, որ ուսուցիչներու ճամբարէն ետք աշակերտական ճամբարը երկրորդ քայլն է, եւ վերամուտին աշխատանք պիտի տարուի վարժարաններուն մէջ ստեղծելու «Ուիքի ակումբ»-ներ, որպէսզի «Ուիքիփետիա» խմբագրելու գաղափարը տարածուի, ընդարձակուի եւ գործնական քայլերու ընդմէջէն արձանագրէ վերելք ու նուաճումներ:

 

 

 

 

Նախորդը

Մովսէս Թ. Հերկելեանի Յիշատակի Ձեռնարկ Եւ Գիրքի Շնորհահանդէս

Յաջորդը

Հայկ Դեմոյեան Մասնակցեցաւ 100-Ամեակի Նիստին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.