Ուրբաթ, 17 յուլիս 2015-ին խումբ մը ԶՈՄ-ական ընկերներ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ հանդիպում-զրոյց մը ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանի հետ:
Զրոյցին նպատակն էր ծանօթանալ թրքական քաղաքականութեան եւ արծարծել Արեւմտահայաստանի ու թաքուն հայերուն իրավիճակը: Մասնակիցները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու ընկերոջ եւ ստանալու համապատասխան բացատրութիւններ: