Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւնը Կատարեց Հայ Ժողովուրդի Վերածնունդը Խորհրդանշող Սուրբ Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Առջեւ

Յուլիս 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-19-15_mur-7Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական ու հոգեթով արարողութիւնը` Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը, որ, աւանդութեան համաձայն, եօթը տարին անգամ մը կը կատարուի, հոգեւոր վերանորոգութիւն կ’առթէ եւ Սուրբ Հոգիի շնորհաբաշխ ներկայութեամբ կը հզօրացնէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը:

7-19-15_mur-8

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին տեղի ունեցած Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը իր յատուկ նշանակութիւնը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք 100 տարիներ շարունակ աղաղակող ձայնը հանդիսացան անպատիժ մնացած այս անմարդկային ոճիրին: Եւ ահաւասիկ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը եկաւ օծելու հարիւր հազարաւոր անմիւռոն մնացած մանուկներու եւ մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերու յիշատակը եւ վերանորոգելու մեր արդար դատին պայքարի շարունակութիւնը:

7-19-15_muron-307-19-15_muron-25Շաբաթ, 18 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան հայրապետական թափօրը ծայր առաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի վանքի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն առջեւ տեղի ունեցաւ Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը: Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու եպիսկոպոսներ, Սուրբ Էջմիածինի միւռոնը, հին միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ, առաւել տասներկու զգեստաւորուած եպիսկոպոսներ առաջնորդեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Հազարաւոր ուխտաւորներ, որոնք եկած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերէն` հեռաւոր հիւսիսային ու հարաւային Ամերիկաներէն, Եւրոպայի զանազան երկիրներէ, Իրանէն, Արաբական երկիրներէ, ողողած էին Սուրբ Աստուածածին վանքի հսկայ շրջափակը: Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն էր հայ ժողովուրդի ամուր կապուածութեան ու հաւատարմութեան հանդէպ Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան:

Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոսը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, Վիրահայոց առաջնորդ  Վարդան եպս. Նաւասարդեան: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ներկայացուցիչներն էին պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան եւ Սահակ եպս. Մաշալեան:

 

7-19-15_mur-5

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եւ աղօթակից դարձան զանազան եկեղեցիներու` ղպտի ուղղափառ, եթովպիացի ուղղափառ, հնդիկ մալապար, ասորի ուղղափառ, մարոնի, յոյն ուղղափառ, ռուս ուղղափառ, կաթողիկէ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, Հայ կաթողիկէ, քաղդէացի, աւետարանական, հայ աւետարանական համայնքներու պետեր եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակը եւ Վատիկանէն Ֆրանչիսկոս պապին անձնական ներկայացուցիչ կարտինալը: Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, դեսպաններ եւ կաթողիկոսարանի օտար թէ հայ բարեկամներ: Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցով ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին վեհափառ հայրապետին:

7-19-15_mur-9

Արարողութիւնը ընթացաւ աստուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով` վեհափառ հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներուն կողմէ, աղերսելով աստուածային օրհնութիւնն ու Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնը: Սրբալոյս միւռոնի պատմական կաթսային կափարիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանին հրաւէրով եպիսկոպոսներ վեհափառ հայրապետին մատուցեցին անուշաբոյր վարդի իւղը եւ բալասանը, զորս` յատուկ աղօթքներու ընթերցումով, Արամ Ա. կաթողիկոսը խառնեց նոր միւռոնին: Ապա ան նոր միւռոնին խառնեց Սուրբ Էջմիածինի մէջ օրհնուած Սուրբ միւռոնը` ի նշան հայ եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան եւ վերջապէս միւռոնաթափ աղաւնիին մէջէն վեհափառ հայրապետը հեղուց հին միւռոնը` ապահովելով շարունակականութիւնը Ս. Թադէոս Առաքեալի Հայաստան բերած բժշկարար իւղին եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ օրհնուած միւռոնին:

7-19-15_mur-1

Սուրբ Էջմիածինի ներկայացուցիչ սրբազանը կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի խօսքը, որուն մէջ եղբայրական սիրով կ’ողջունէր Արամ Ա. կաթողիկոսը: Գարեգին Բ. կաթողիկոս ըսած է. «Սրբացեալ մեր նահատակների եւ բոլոր սրբերի բարեխօսութեան աղերսով այժմ միաւորում ենք մեր աղօթքները Սուրբ միւռոնի օրհնութեան առիթով` հայցելով, որ Տէրը նրանով պարգեւի մեզ հոգեւոր խաղաղութիւն, դէպի Աստուած անսայթաք ընթացք եւ մեր կեանքը պահպանի խաղաղութեան ու բարօրութեան մէջ: Միւռոնօրհնութեան այս սրբազան արարողութիւնը վերստին հրաւէր է մեզ առ Աստուած հաւատքի եւ ուխտի նորոգութեան, նախանձախնդրութեան հոգեւոր ու ազգային մեր ինքնութեան հանդէպ, հրաւէր` միաբան ու միասնական մեր ջանքերը ներդնելու ի սպաս մեր եկեղեցու պայծառութեան, մեր հայրենիքի շենացման ու հզօրացման, ի սփիւռս աշխարհի ազգային մեր կեանքի զօրացման»:

Արարողութեան ամէնէն նուիրական պահը եղաւ, երբ հայ եկեղեցւոյ «Հաւատքի հօր»` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի աջով Արամ Ա. կաթողիկոս խառնեց նոր միւռոնը եւ ապա, նոր միւռոնով թաթխուած Սուրբ Աջով օրհնեց ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:

7-19-15_muron-267-19-15_mur-6Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գարեգին վրդ. Շխրտըմեանի: Միւռոնօրհնէքի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Սպահան-Իրանէն Վարուժ Մինասեան: Հայրապետական «ամպհովանի»-ն բռնելու պատիւը տրուեցաւ կաթողիկոսարանի բարերարներէն տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի (Միացեալ Նահանգներ), Ալեքքօ Պէզիքեանի (Զուիցերիա), Հրայր Սողոմոնեանի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Արա Խանոյեանի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Գրիգոր Մահսէրէճեանի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), Հենրիկ Տէր Ղուկասեանի (Իրան), Սուրէն Սարգիսեանի (Լիբանան) եւ Ատոմ Թնճուկեանի (Անգլիա):

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս հայրապետական իր պատգամով նախ ողջունեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Երուսաղէմի ու Պոլսոյ պատրիարքական Աթոռներու գահակալները, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, աշխարհի բոլոր կողմերէն եկած հոգեւոր պետերը, եկեղեցիներու ու միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ զանազան գաղութներէն եկած ուխտաւոր ժողովուրդը: Խօսելով Սուրբ միւռոնին մասին` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Սրբալոյս միւռոնը իւրայատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ ծէսին ու ընդհանրապէս մեր քրիստոնէական կեանքին մէջ: Սուրբ միւռոնի դրոշմով հայ մանուկը աստուածային շնորհներով կը լեցուի եւ կը դառնայ հայ եկեղեցւոյ զաւակ: Սուրբ միւռոնի օծումով Աստուծոյ ու հայ եկեղեցւոյ սպասաւորութեան կոչուած հայ մարդը կը դառնայ նոր մարդ: Սուրբ միւռոնի ներկայութեամբ ապականութիւնը կը հեռանայ մեր կեանքէն ու սրբութեան շղարշով կը ծածկուի մեր կեանքը: Սուրբ միւռոնի հեղումով հաւատքի զէնքով, յոյսի վահանով ու սիրոյ ուժով զինուած կը դիմագրաւենք կեանքի ամէն տեսակ չարերն ու չարիքները: Այս համոզումով մեր ժողովուրդը ջերմ հաւատքով ու խոր երկիւղածութեամբ մօտեցած է միւռոնին»:

Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի պատմութեան անդրադառնալով` կաթողիկոսը յիշեցուց. «Պատմութեան խաւարին դիմաց մեր կեանքը լոյսի ու յոյսի ճառագայթներով պայծառակերպեց Սուրբ միւռոնը: Պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց երկնային խաղաղութեան աւետիսը բերաւ Սուրբ միւռոնը: Հայ եկեղեցւոյ Սրբալոյս միւռոնը անքակտելիօրէն շաղախուեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ. քալեց հայ կեանքի տառապալից ճամբաներէն, նոյնացաւ հայու էութեան հետ, ձգտումներուն ու երազներուն հետ` դառնալով հայո՛ւ միւռոն: Սուրբ միւռոնով դրոշմուեցաւ հայը, անով ստացաւ իր քրիստոնեայ հայու անունը, այլ խօսքով` իր հարազատ ինքնութիւնն ու իւրայատուկ դիմագիծը, ապրելու, պայքարելու ու ստեղծագործելու հաւատքն ու կամքը»:

Արամ Ա. կաթողիկոս Սուրբ միւռոնը նկատեց «Մեր եկեղեցւոյ միութեան ամուր շաղախը»` հաստատելով, որ` «այս խոր գիտակցութեամբ է, որ կաթողիկոսական երկու աթոռներու միւռոնները օրհնութեան ժամանակ իրարու կը խառնուին` դառնալով նոյն եւ մէկ եկեղեցւոյ նոյն միւռոնը»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցող ներկայ միւռոնի օրհնութիւնը յատուկ կարեւորութիւն մը ունի. «Սրբալոյս միւռոնին օրհնութիւնը հրաւէր մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն` իրենց քրիստոնէական հաւատքը խորացնելու, սէրը ամրապնդելու ու պահանջատիրական կամքը պրկելու: Սրբալոյս միւռոնին օրհնութիւնը կոչ մըն է մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեր ազգային պահանջատիրական պայքարը միւռոնի հոգեւոր զօրութեամբ թրծելու»:

Արամ Ա. կաթողիկոսը իր հայրապետական պատգամը փակեց խնդրելով Աստուծմէ, որ Սուրբ միւռոնի օրհնութիւնը դառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար հոգեւոր վերածննդեան ու ազգային զարթօնքի աղբիւր:

Աւարտին սպիտակ աղաւնիներու սաւառնումը, բոլոր հոգեւորականներուն կողմէ միւռոնի կաթսային դիմաց խոնարհումն ու զայն համբուրելու արարողութիւնը իւրայատուկ եւ երկնային պահուան մը տպաւորութիւնը ձգեցին բոլորին վրայ:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ամրագրող, Որբերուն Յիշատակը Անմահացնող Եւ Հայկական Պահանջատիրութեան Փարոս Դառնալու Կոչուած «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանի Հանդիսաւոր Բացում

Յաջորդը

Հիւսիսային Իրլանտայի Մէջ Ոստիկանութեան Դէմ Յարձակում

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?