Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Երաժշտական Երեկոյ

Յուլիս 20, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-19-15_con-1

Երէկ` կիրակի, 19 յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 100-ամեակի նուիրուած Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, եկեղեցական արարողութիւններուն եւ ձեռնարկներուն համար աշխարհի չորս կողմերէն Լիբանան հասած ուխտաւորները եւ Լիբանանի երաժշտասէր հանրութիւնը լեցուցած էին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակը: Անոնք եկած էին ունկնդրելու եւ ըմբոշխնելու հայ երաժշտութիւնը:

7-19-15_con-00

Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ անոր կը նախագահէր Ազգային բարերարներ Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը: Ներկայ էին կաթողիկոսութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն հրաւիրուած եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին Միջին Արեւելքէն, Եւրոպայէն, Ափրիկէէն, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներէն եւ Հնդկաստանէն:

7-19-15_con-2

Պէյրութի սիմֆոնիք նուագախումբը` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, մեկնաբանեց Արամ Խաչատուրեանի եւ այլ հայ երաժիշտներու գործերը: Երեկոն յատուկ հմայք ստացաւ, երբ աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան եւ թենոր Բարսեղ Թումանեան իրենց թովիչ ձայներով հմայեցին հանդիսականները: Ս. Աստուածածին վանքի Հայոց ցեղասպանութեան երկնասլաց յուշարձանը, որուն հովանիին տակ տեղի ունեցաւ համերգը, կարծէք միջնորդ կը հանդիսանար դէպի երկինք փոխանցելու Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը պանծացնող հայ հանճարներուն ստեղծագործութիւնները: Արդարեւ, պատմութիւնը վկայ եղաւ, որ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին է, որ յաղթահարեց ու կը շարունակէ յաղթահարել պատմութեան բոլոր ոսոխներուն յարուցած դժուարութիւնները: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած համերգի աւարտին ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը յոտնկայս ծափողջոյններով գնահատեց նուագողներուն ու մենակատարներուն բացառիկ կատարողութիւնը:

Երաժշտական երեկոյին փակումը կատարելով` վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին, աշխարհահռչակ երգչուհի եւ երգիչ Յասմիկ Պապեանին եւ Բարսեղ Թումանեանին, ինչպէս նաեւ նուագախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք հայ երաժշտութեան առթած յուզմունքներով եւ խոյանքներով լիցքաւորեցին ներկաները:

19837980985_3e20b2321a_b19830595712_c350f3ac80_b19830591132_933dd56019_bԱպա, վեհափառ հայրապետը բեմ հրաւիրեց Ս. Աստուածածին վանքի նահատակաց ու վերածննդեան յուշարձանի համալիրի, «Թռչնոց բոյն»-ի Հայոց ցեղասպանութեան «Արամ Պէզիքեան» որբերու թանգարանի եւ Անթիլիասի Նահատակաց մատրան բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը` ընտանիքի անդամներով: Բարձր գնահատելէ ետք Պէզիքեան ընտանիքի իշխանական բարերարութիւնը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով հայ ժողովուրդին, վեհափառ հայրապետը «Ասպետ»-ի կարգի շքանշանով պարգեւատրեց Զարեհ Պէզիքեանը (յայտնենք, որ քանի մը տարիներ առաջ վեհափառ հայրապետը «Իշխան»-ի կարգի շքանշանով պարգեւատրած էր Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները): Վեհափառ հայրապետը նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ կաթողիկոսարանի կալուածոց յանձնախումբին կատարած աշխատանքին, որ մօտէն եւ կամաւոր կերպով հետեւած էր ընդհանրապէս կաթողիկոսարանի շինարարական եւ յատկապէս վերոնշեալ շինարարութիւններուն, եւ ապա, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ճարտարապետներ Վահէ Գալինճեանը եւ Վազգէն Չէքիճեանը (յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը պարգեւատրած էր նոյն յանձնախումբի անդամներէն ճարտարապետ Յակոբ Աթէշեանը եւ 2006-ին ճարտարապետ Յակոբ Շամլեանը):

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Դէպի Երկիր

Յաջորդը

Միջեկեղեցական Արարողութիւն Եւ Ջրօրհնէք` Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Սուրբերու Յիշատակին

RelatedPosts

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023
Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In