Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Պարգեւատրէ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Հիմնադիրները «Ֆորումի Ապահովութեան» Հիմնադրամի Ստեղծում

Յուլիս 22, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-21-15_for-1

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան եւ Ֆորումի գրասենեակին, կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Համազգայինի ֆորումի բարեկամներու մտերմիկ ճաշկերոյթ» ձեռնարկը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆորումի երկար տարիներու նուիրատուներ եւ բարեկամներ, ինչպէս նաեւ Ֆորումի նախկին մասնակիցներ, պատասխանատուներ եւ դասախօսներ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Ֆորումի գրասենեակին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Արին Գալուստեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, որ «Համազգայինի ֆորումի բարեկամներու մտերմիկ ճաշկերոյթ»-ին նպատակն է յիշել Ուսանողական հաւաքի (Ֆորումի) գաղափարը յղացող եւ բազմաթիւ տարիներ այդ հաւաքը գործադրող ու աշխատանքները տանող հիմնադիրները, մանաւանդ անոնց ի գործ դրած ճիգերը: Գալուստեան յայտնեց, որ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գիտակցի Ֆորումի աշխատանքներուն շարունակականութեան կարեւորութեան եւ մեկնելով այդ գիտակցութենէն կը յայտարարէ «Ֆորումի ապահովութեան» հիմնադրամի ստեղծումը: Գալուստեան յայտարարեց, թէ «Ֆորումի ապահովութեան» հիմնադրամը կը սկսի գործել տէր եւ տիկին Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեաններու 5,000 (հինգ հազար) տոլարի նուիրատուութեամբ: Ապա խօսքը փոխանցուեցաւ օրուան ձեռնարկի թամատա Ճորճ Թորոսեանին, որ Ֆորումին հետ իր կապն ու փորձառութիւնը բաժնելէ ետք ներկաներուն հետ հերթաբար բեմ հրաւիրեց Նարէ Աղասարգիսեանն (դաշնակ) ու Խաժակ Խաչատուրեանը (ջութակ), ապա ընդմիջումէ մը ետք Ալին Նագգաշեանն ու Հրակ Գարագաշեանը, որոնք ներկայացուցին փունջ մը հայերէն եւ օտար նուագներ ու երգեր: Գեղարուեստական յայտագիրի ընդմիջումներուն ընթացքին ճաշկերոյթին ներկայ եղող նախկին ֆորումականներ ներկայացուցին իրենց փորձառութիւնը, անցեալի յուշերն ու ապրումները: Ձեռնարկին ուղղակի կապով միացան ընթացքի մէջ եղող Ֆորում 2015-ի մասնակիցներն ու պատասխանատուները, որոնք ներկայացուցին Ֆորումի առօրեայ ծրագիրներն ու իրենց զգացումները:

Նշենք, որ Ֆորում 2015-ը սկսած է 11 յուլիսին եւ իր աւարտին կը հասնի 25 յուլիս 2015-ին, անոր աշխատանքները տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Ձայնագրուած տեսերիզով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ֆորում 2014-ի Պոլիսէն մասնակցող Սարին Ագպաշ:

7-21-15_for-2

Աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Մկրտիչ Եափուճեան, որ անդրադառնալով Ֆորումի նախաձեռնութեան կարեւորութեան, 21-ամեայ փորձառութեան եւ աշխատանքին, յատկապէս անոր հիմնադիր խմբակի հետ հետեւողական եւ անխոնջ աշխատանքին, հերթաբար ներկայացուց եւ յուշանուէրով պարգեւատրեց Շուշիկ Արսլանեանը, Հուրիկ Պաղտասարեանը, Հրաչ Սիմոնեանը եւ Սելլա Թնճուկեանը:

Պարգեւատրուողները ստանձնելէ ետք իրենց յուշանուէրները փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը, որոնց ընթացքին անոնք անդրադարձան Ֆորումի գաղափարին, առաջին տարիներու դժուար աշխատանքին, երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը հայկական մթնոլորտի մէջ պահելու եւ հայ մշակոյթին ծանօթացնելու տարուած ճիգերուն եւ շարք մը այլ նպատակներ, որոնց իրագործման համար ստեղծուած է սոյն հաւաքը եւ տակաւին կը շարունակէ գործել:

Ձեռնարկին ընթացքին ներկաները կատարեցին նուիրատուութիւններ` նորաստեղծ «Ֆորումի ապահովութեան» հիմնադրամին համար:

 

 

Նախորդը

Խորհրդակցական Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Եթովպիոյ Մատթէաս Պատրիարքին Միջեւ

Յաջորդը

100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Շուրջ Հարցազրոյց. «100-Ամեակի Պետական Եւ Լիբանանի Յանձնախումբերուն Միջեւ Նախապատրաստական Աշխատանքը Նախօրինակ Ծառայեց Այլ Համայնքներու Համար» Ըսաւ Դոկտ. Հայկ Դեմոյեան

RelatedPosts

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային  Յարձակում` Իրանի Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Լայնածաւալ Օդային Յարձակում` Իրանի Վրայ

Յունիս 14, 2025
Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին  Միջազգային Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Միջազգային Արձագանգներ

Յունիս 14, 2025
Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Իրան Պիտի Չմասնակցի Կիրակի Օր Մասքաթի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?